Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւը, որ Հայաստան ժամանած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցելու նպատակով:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է ՌԴ կառավարութեան ղեկավարին Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի երեւանեան նիստի ծիրէն ներս եւ յոյս յայտնած, որ անիկա պիտի նշանաւորուի իր արդիւնաւէտութեամբ:
ՌԴ կառավարութեան նախագահը նշելով, որ ուրախ է ՀՀ նախագահի հետ հանդիպման նոր հնարաւորութեան համար, ընդգծած է, որ անիկա ըստ էութեան արդէն երկրորդն է մէկ ամսուայ ընթացքին, որ շատ լաւ է, քանի որ կը բնութագրէ ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակը, այն դաշնակցային կապերուն բնոյթը, որ գոյութիւն ունին երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ: «Անցեալ անգամ մենք իսկապէս անցուցինք երկկողմ բանակցութիւններ, իսկ այսօր տեղի կ’ունենայ մեր միութեան Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի լիագումար նիստը: Պիտի դիտարկենք տարբեր եւ առաջին հերթին տնտեսական հարցեր, որոնք օգտակար են բոլոր երկիրներուն համար: Շնորհակալութիւն կառավարութիւններու ղեկավարներուն Երեւանի մէջ այս միջոցառումը իրականացնելու հրաւէրին համար, որովհետեւ սա առաջին նման միջոցառումն է ձեր մօտ: Ի դէպ Եւրասիական յանձնաժողովի ղեկավարը նոյնպէս կը ներկայացնէ Հայաստանը, որ այս իմաստով խորհրդանշական է: Կը շփուինք եւ գործընկերները կառավարութենէն ձեզի կը զեկուցեն արդիւնքներուն մասին: Վստահ եմ, որ կը հասնինք այն պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են, կը կրկնեմ, մեր տնտեսութիւնները խթանելու համար: Իրօք իմ նախորդ այցը կայացաւ շատ դժուար իրադրութեան պայմաններու մէջ: Նաեւ կ՛ուզեմ ըսել, որ Ռուսիոյ մէջ մենք այնուամենայնիւ շատ լարուած կը հետեւէինք իրադարձութիւններու զարգացման, ուժերու ներածին չափով կ՛օգնէինք ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու համար:
«Կարեւոր է, որ ձեռք բերուած զինադադարը պահպանուի: Այս ծիրէն ներս մենք ի հարկէ լիովին կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի նախագահին հետ ձեր հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ինչպէս նաեւ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս գործադրուող ջանքերը երկխօսութիւնը պահպանելու, շփումը շարունակելու եւ ապագային նման բնոյթի միջադէպեր թոյլ չտալու համար` հաշուի առնելով այն պայմանաւորուածութիւններու պահպանումը, որոնք պատմականօրէն ձեռք բերուած են 1994-95թթ. եւ ի հարկէ տարածաշրջանին մէջ աւելի ամուր խաղաղութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման ուղղութեամբ առաջ շարժուելու անհրաժեշտութիւնը: Կրնաք չկասկածիլ` Ռուսիան միշտ օգնած է եւ պիտի օգնէ այս դժուար հակամարտութեան կարգաւորման հարցով: Իսկ մենք ձեզի հետ միասին այժմ կը քննարկենք ատոր հետ կապուած բոլոր հարցերը», ըսած է ՌԴ կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւ: