Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Յայտնի Երգչուհի Եւ Դերասանուհի Շեր Կը Նշէ Իր Ծննդեան 70-ամեակը

Հայկական արմատներով ամերիկացի հանրայայտ երգչուհի եւ դերասանուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան), Մայիս 20-ին կը նշէ իր ծննդեան 70-ամեակը:

Երգչուհին ծնած է 1946ի Մայիս 20-ին, Էլ Սենթրօ քաղաքին մէջ (Քալիֆորնիա): Հայրը` Ճոն Փոլ Սարգիսեանը, բեռնատարի վարորդ եղած է: Մայրը` Ճորճիա Հոլթը դերասանուհի: Շերի ծնողները ամուսնալուծուած են, երբ ան փոքր եղած է:

Շեր այն քիչ աստղերէն է, որ միաժամանակ ունի թէ՛ «Օսկար», թէ՛ «Կրեմմի», թէ՛ «Էմմի» եւ թէ՛ «Ոսկէ կլոպուս», որոնք ստացած է շարժանկարի, երաժշտութեան եւ հեռուստատեսութեան ոլորտին մէջ աշխատելու ընթացքին, կը գրէ «Արցախփրես»-ը:

Իր ասպարէզի ընթացքին, որ կը շարունակուի արդէն աւելի քան 50 տարիներէ, Շեր դարձած է այն կատարողներէն մէկը, որ ունի ամենաշատ թիւով վաճառուած ձայնագրութիւններ երաժշտական ոլորտի պատմութեան մէջ:

Երգչուհիին ասպարէզը սկսած է 17 տարեկանին երջանիկ պատահականութեամբ: 1962-ին ան սրճարանի մը մէջ կը ծանօթանայ երաժշտական արտադրողի օգնական Սոնի Պոնոյի հետ, որուն մօտ կը տեղափոխուի ապրելու: Ընկերութիւնը կը վերաճի սիրոյ, երիտասարդները կ՛ամուսնանան, իսկ 1964-ին կը ձեւաւորուի «Սոնի եւ Շեր» երաժշտական զոյգը:

Շեր միակ երգչուհին է, որուն երգերը 50 տարուայ ընթացքին յայտնուած են ԱՄՆ-ի առաւել յայտնի կատարումներու յայտնի տասնեակին մէջ: Ան ունի քանի մը «ոսկէ» եւ «փլաթինէ» ձայնասկաւառակներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին