*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Կ՛անդրադառնա՞ս սիրելի ընթերցող, որ աղբերու հարցը վերջերս դարձեալ լուրերու վերնագիր սկսած է դառնալ…:
Պատկերացուր, որ մտահոգութիւնները ճիշդ դուրս գան ու անոր լուծումներ չգտնուին, մինչ կը գտնուինք ամառնային եղանակի սեմին, ի՞նչ կրնայ ըլլալ երկիրին վիճակը…:
Լուրերը ըլլան լուրջ թէ անլուրջ, կարծէք խօսքերնին մէկ ըրած են հարուածելու ամառնային զբօսաշրջիկային եղանակը, որ երկիրին արդէն իսկ հոգեվարքի մէջ եղող տնտեսութեան վրայ նոր մեխեր կը գամէ…:
Ինչո՞ւ Լիբանանի վարկին ազդող այս վիճակը՝ մէյ մը ապահովական, այլ ատեն կենսոլորտային, ամէն ամառնային եղանակի մուտքին… ո՞վ կը շահի ասկէ…:
Եկէք յուսանք, որ նման բան չպատահի ու հանգիստ ամառ մը անցնէ լիբանացին, վերջին տասնամեակին գոնէ անգամի մը համար…։
Բարին Աստուծմէ: