Այժմեան Թուրքիոյ Քղի գաւառի Աչըքկիւնէյ (Սիւկելիք) գիւղի Սուրբ Փրկիչ հայկական եկեղեցին լրջօրէն վնասուած է՝ անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին տեղի ունեցած երկրաշարժէն:
Akunq.net-ի տեղեկութիւններով՝ 2015-ի Դեկտեմբեր 3-ին 5.5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժէն տուժած են նաեւ յիշեալ գիւղի 35 տուներ:
Աղբիւրին համաձայն գիւղի հայկական անուանումը Սերկեւիլ է: Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն յետոյ՝ սոյն գիւղին անունը նոյնպէս կը թրքացուի եւ նախ կը վերածուի Սիւկելիքի, ապա կը դառնայ Աչըքկիւնէյ:
Գիւղի Սուրբ Փրկիչ հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1139 թուականին, իսկ 1867-ին (1870)` վերականգնուած կարինցի (էրզրում) Կարապետ աղա Մուրատեանի եւ անոր բարեգործ տիկնոջ` Հուղիսայի միջոցներով: Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գործած է նաեւ հայկական դպրոց:
Ըստ աղբիւրին գիւղին մէջ մինչ օրս կը հաւատան, որ լուսնոտութեամբ տառապող հիւանդները հնարաւոր է բուժել՝ սոյն եկեղեցւոյ մէջ գտնուող անկողինին մէջ: