Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Արցախի Նախագահը Ընդունեց Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը, որուն ընթացքին քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտէն ներս երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Յովիկ Աբրահամեան. «Հայաստանի Մէջ Փտածութեան Աստիճանը Բարձր Է»

 

Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ փտածութեան աստիճանը բարձր է եւ պէտք է քայլեր իրականացնել, որպեսզի փտածութիւնը հասնի նուազագոյնի: «Աշխարհի բոլոր երկիրներուն` նոյնիսկ ամենաժողովրդավար երկիրներու մէջ ալ փտածութիւն կայ, սակայն փտածութեան աստիճանը կը տարբերի», ըսաւ Աբրահամեան եւ աւելցուց, «մեր մօտ փտածութեան աստիճանը բաւական բարձր է եւ պէտք է քայլերու ձեռնարկենք, որպէսզի զայն նուազագոյնի հասցնենք»: Աբրահամեանի խօսքով Հայաստանի մէջ փտածութեան դեմ պայքարը միշտ ալ եղած է, սակայն այժմ այդ պայքարը աւելի աշխուժացած է: Վարչապետ Աբրահամեան իր ռուս  պաշտօնակիցին`Տմիթրի Մետվետեւի  հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ՝ Ռուսիոյ ու Հայաստանի միջեւ 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրի համաձայն՝ Հայաստանին մատակարարուող ռուսական զէնքին: Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին Աբրահամեան նշեց, որ ամէն ինչ կ’ընթանայ ըստ պայմանաւորուածութեան եւ որեւէ խնդիր չկայ: «Ռուսիոյ վարչապետին հետ խօսած ենք նաեւ զէնքի մասին, մենք ամեն առիթ կ’օգտագործենք այդ հարցին անդրադառնալու, որպեսզի ծրագիրը յառաջ մղուի», ըսաւ ան: Նշենք, որ Մայիս 19-ի ուշ երեկոյեան Ռուսաստանի վարչապետ Մետվետեւ ժամանած էր Երեւան՝ մասնակցելու Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկիրներու կառավարութեան ղեկավարներու հերթական նիստին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին