Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած է՝ Հայրենիքէն Պէյրութ հրաւիրելու եզակի լուսանկարիչ մը՝ Սուրէն Մանուէլեանը:
Առիթը ունեցանք Սուրէնը հիւրընկալելու «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ: Անոր կ՛ընկերակցէին ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանն ու Վարչութեան անդամ Տիկ. Լենա Այտընեանը:
Հայրենի հիւրէն իմացանք, որ ան արհեստավարժ լուսանկարիչ է 2006 թուականէն ի վեր, իսկ 16 տարեկանէն սկսած է նկարել նախկին սովետական «Զէնիթ» լուսանկարչական մեքենայով…:
Սուրէնի առաջին լուսանկարները եղած են բնական տեսարանները, մինչ իր վերջին հրայրքը իր տեսակին մէջ եզակի երեւոյթ է՝ աչքի բիբ նկարել:
Հետաքրքրական էր Սուրէնի այս ներքին մղումը, եթէ նկատի ունենանք, որ իր իսկական մասնագիտութիւնը բնագիտութիւնն է (physics), որ ինչքան մօտիկ՝ այնքան ալ հեռու է լուսանկարչութենէ: Սուրէնէն իմացանք, որ իր ընտրութիւնը՝ աչք նկարել, պարզապէս պատահականութեան արդիւնք եղած է, որմէ ետք ան զարգացուցած է այս թէքնիքը գրեթէ հասնելով կատարելութեան:
Սուրէն նկարած է ինչպէս մարդկային նաեւ կենդանիներու՝ նոյնիսկ օձի աչքեր, որ բաւական ժամանակ խլող ու համբերութիւն պահանջող գործ է:
Սուրէն կ՛ըսէ.- Տեսէք մի անգամ մտքովս անդրադարձայ եւ փորձեցի մօտիկից նկարեմ, ու մտածեցի ոնց նկարեմ, ինչ թեքնիք օգտագործեմ։ Ու սկսեցի մտածել, աշխատել եւ աշխատել, եւ հիմա այդ թեքնիքը այնքան զարգացած է, որ կարող եմ նոյնիսկ մութ սենեակում կենդանիի աչքը նկարել:
Սուրէնին հարց տուինք, թէ ինչ են հաւանականութիւնները, որ իր նկարահանումի պահուն վնասուի խնդրոյ առարկայ անձի մը աչքը…։ Ան ինքնավստահութեամբ հակառակը հաստատեց՝ ըսելով, որ «ես նկարել եմ մի քանի հարիւր աչքեր եւ ոչ ոքի վնաս չեմ հասցրել»: Այս ըսելով ան հրաւիրց մեզի մեր աչքերը նկարելու…:
Հետաքրքրական էր իմանալ, թէ Սուրէն անպայման ֆլէշ կը գործածէ՞: Սուրէնի պատասխանը եղաւ «բնականաբար»…:
Սուրէնի օգտագործած թէքնիքը այնքան արտասովոր է, որ երբ աշխարհահռչակ National Geography պարբերականը հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է իր գործերուն նկատմամբ, երկար ժամանակի պէտք եղած է հաստատելու, որ անոնք համակարգչային photoshopով աշխատցուած գործեր չեն…:
Սուրէն ամուսնացած է եւ ունի 12 տարեկան զաւակ մը, իր գործերով ունեցած է երկու ցուցահանդէսներ: Առաջինը՝ Երեւանի մէջ: Ցուցադրուած լուսանկարները՝ գիշերով նկարահանուած եկեղեցիներ…:
Երկրորդ ցուցահանդէսը Սուրէն ունեցած է Փրուսիայի մէջ, ուր ան ներկայացուցած է իր կատարած աչքերու լուսանկարները…:
Սուրէն յիշեց նաեւ, թէ իր գործերէն ցուցադրուած են Աթէնքի մէջ ալ, բայց ոչ իր ներկայութեամբ:
Խմբագրատուն այցելող Սուրէնի ընկերակցող մեր բարեկամները՝ ԹՄՄ Տեղական Վարչութեան պատասխանատուները մեզի յիշեցուցին, որ Սուրէնի գործերէն Չորեքշաբթի օր ցուցադրուած են Պէյրութի Տար Մուսաուէրի մէջ: Աւելի լայն տարողութեամբ ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016ի երեկոյեան, Թէքէեան Կեդրոնի մէջ, Ժըմմէյզի, որուն հրաւիրուած է հետաքրքրասէր հանրութիւնը՝ ծանօթանալու այս իւրայատուկ լուսանկարներու հաւաքածոյին:
Յաջողութիւն Սուրէնին եւ շնորհակալութիւն ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան:
Ս. Յ.