Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ «Նոր Հեռանկարներ Սուրիահայերու Համար» Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան «Երեւան էքսփօ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ, ներկայ գտնուեցաւ «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, որ կ՛իրականանայ «Տնտեսական հնարաւորութիւններու շաբաթ» գործարար համաժողովի ծիրէն ներս: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղող սուրիահայերու եօթանասունէ աւելի ընկերութիւններ ու անհատ ձեռնարկատէրեր:

Հանրապետութեան նախագահը ծանօթացաւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործարար գործունէութիւն ծաւալած սուրիահայերու աշխատանքի արդիւնքին` ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած արտադրական տեսականիին եւ առաջարկուող ծառայութիւններու սպառման հնարաւորութիւններուն, ընթացիկ խնդիրներուն ու զարգացման ծրագիրներուն: Հայաստանի մասնաւոր ձեռնարկութիւնները ցուցահանդէսին մէջ, սուրիահայերուն կը ներկայացնեն նաեւ իրենց մօտ առկայ աշխատատեղերը եւ ծառայութիւնները, իսկ պետական ու միջազգային հաստատութիւնները` աջակցութեան իրենց ծրագիրները: Տպագրութեան, հրատարակչութեան, ոսկերչութեան, փայտամշակման, զբօսաշրջութեան, ասեղնագործութեան, սարքաւորումներու արտադրութեան, հաստոցաշինութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ արտադրանք թողարկող մեր հայրենակիցներուն ջանքերը՝ Սերժ Սարգսեան ոգեւորիչ համարեց եւ բարձր գնահատեց ներկայացուած ապրանքներու որակական յատկանիշերը: Նախագահը սուրիահայ ձեռներէցներու հետ քննարկեց իրենց արտադրանքի իրացման եւ արտահանման հնարաւորութիւններու վերաբերող հարցեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին