Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հայաստանցի Մանչուկին Տխուր Եւ Հալածող Աչքերը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ո՞վ կրնայ Հայաստանցի այս մանչուկին աչքերուն մէջ նայիլ… ես անձնապէս կ՛ամչնամ…։

Ինչպէ՞ս կարելի է նման ընկերային անարդարութիւն մը հաշտ աչքերով դիտել ու չընդվզիլ Աստուծոյ ու մարդկութեան դէմ…:

Ամէնէն անօգուտ եւ դիւրին ձեւը Հայրենի պետութիւնը մեղադրելն է: Այս պզտիկին եւ իրեն նմաններուն, ինչպէս նաեւ այս ծայրայեղ աղքատութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն հոգատարութիւնը մեր ամէնո՛ւն պարտքն է… անխտիր … Հայրենիքէն մինչեւ ամենահեռաւոր Սփիւռքը, «Հայաստան» Համահայկական հիմնդրամէն մինչեւ վերջին կրօնական ու բարեսիրական հաստատութիւնը…:

Մանկութիւն չունեցող այս Հայ մանչուկին տխուր աչքերուն ու անժպիտ դէմքին նկարը՝ տակաւին երեւի երկար հալածեն զիս…։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին