Իտալիոյ Քանոզա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը, Մայիս 16ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Մինչ այդ, Ապրիլ 30ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը միաձայն ճանաչցած էր նաեւ իտալական այլ քաղաքի մը՝ Չիվիթա Քասթելանայի խորհուրդը»:
Այսպիսով Իտալիոյ մէջ տեղական իշխանութիւններու՝ նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդներու մակարդակով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ հայ ժողովուրդին իրենց համերաշխութիւնը յայտնած են 107 խորհուրդներ, նշած է նախարարութիւնը: