Թուրքիոյ կառավարութիւնը այն կառավարութիւնն է, որ այսօր տարածաշրջանին մէջ ապակառուցողական քաղաքականութիւն կը վարէ եւ նոյնիսկ ներգրաւուած եղած է՝ Ղարաբաղի մէջ վերջին ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն:
Այս մասին Մայիս 19-ին Երեւանի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ըսած է Համպուրկի խորհրդարանի պատգամաւոր, Գերմանիոյ «Ձախեր» կուսակցութեան անդամ Մարթին Տոլցերը, կը յայտնէ news.am-ը:
«Էրտողանը այսօր նէոօսմանիզմի քաղաքականութիւն կը վարէ: Սուրիոյ մէջ ան կը համագործակցի Իսլամական պետութիւն խմբաւորման հետ, իր երկիրին մէջ կը ջարդէ քիւրտերը եւ յարձակողական հռետորաբանութիւն կը վարէ հայերուն դէմ: Ղարաբաղի մէջ ապրիլեան յարձակումէն ետք ան առաջինն էր, որ աջակցութիւն յայտնեց Ազրպէյճանին: Ըստ մեր ստացած զեկոյցներուն` Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած են նաեւ թուրք զինուորներ», ըսած է պատգամաւորը:
Տոլցեր յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ռազմական համագործակցութեան հարցը արծարծուած է նաեւ Եւրայանձնաժողովին մէջ: «Շատոնց ժամանակն է, որ Պունտսթակը եւ միջազգային հանրութիւնը կանգնեցնեն Էրտողանի նկրտումները», ըսած է պատգամաւորը: