Պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ հարցազրոյց տուած է կիւլենականներու նոր թերթին` «Yarına Bakıs»ի: Հարցազրոյցի ժամանակ ըստ Ermenihaber.am-ի, Պաղտատ խօսած է կիւլենական համայնքին հետ իր կապի մասին:
«Դուք ե՛ւ հայ էք, ե՛ւ կիւլենական: Ինչպէ՞ս դարձած էք կիւլենական» հարցին, Պաղտատ պատասխանած է, որ կիւլենական ըլլալու համար պէտք է նախեւառաջ մահմետական դառնալ: Պաղտատի խօսքերով տարբեր ժամանակներ զինք պիտակած են տարբեր անուններով.
«Կեզիի ցոյցերուն ժամանակ ինծի ազգայնական կ՛անուանէին, քիւրտերու իրաւունքները պաշտպանելու համար մեղադրեցին PKK-ական (Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն) ըլլալու մէջ, իսկ այսօր կատարուող բռնութիւններուն դէմ խօսելու համար՝ զիս կիւլենական կ՛անուանեն»:
Յիշեցնելով, որ կիւլենական դառնալու համար անհրաժեշտ է մահմետական դառնալ, Պաղտատ ըսած է. «Ես կիւլենականներուն հանդէպ կատարուող բռնութիւններուն դէմ եմ, սակայն մէկ ձեռքով ալ բռնած եմ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով մեղադրուող՝ կիւլենական Ալի Ֆուատ Եըլմազըրի եւ Ռամազ Աքիւրեքի օձիքէն: Հնարաւոր չէ արդարացնել մանկապարտէզ ներխուժումը, փոքրիկներու պահարաններու խուզարկութիւնը, ընկերութիւններու բռնագրաւումը, դպրոցներու, հիւանդանոցներու փակումը, մարդոց արդար աշխատանքը ուտելը: Երբ այդպիսի բռնութիւններ կը կատարուին, ես պետութեան կողքին չեմ կրնար ըլլալ: Ասիկա ինծի երբեմն կիւլենական, երբեմն PKK-ական, երբեմն ալ չեմ գիտեր «ինչական» կը դարձնէ»:
Նշենք, որ կիւլենական կոչուող իսլամական շարժումը (համայնք) կը գլխաւորէ ամերիկաբնակ թուրք միլիառատէր Ֆեթուլլահ Կիւլենը: Շարժումը ունի հարիւրաւոր դպրոցներ, հիւանդանոցներ, համալսարաններ, հիմանդրամներ, ինչպէս նաեւ շարք մը լրատուամիջոցներ աշխարհի բազմաթիւ մահմետական երկիրներու մէջ: Շարժումը կը քարոզէ իսլամական չափաւորութիւն, հանդուրժողականութիւն, միջկրօնական երկխօսութուն, իսլամի եւ ժողովրդավարութեան համատեղելիութիւն:
Կիւլենականները համարուած են Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան քաղաքական յենարանը մինչեւ 2013-ի Դեկտեմբեր 17-ը, երբ Թուրքիոյ մէջ իրկանացած փտածութեան դէմ մեծ գործողութըիւններ ի ցոյց դրաին՝ իշխանութիւններու եւ կիւլենական համայնքի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը:
Իշխանական մամուլին կողմէ շարժումը յայտարարուեցաւ ահաբեկչական, իսկ շարժման առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի անունը յայտնուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած՝ Թուրքիոյ կողմէ հետախուզուող ահաբեկիչներու ցուցակին մէջ: