Գերմանիոյ խորհրդարանի երկու պալատներէն մէկը` Պունտեսթակը, մտադիր է քուէարկութեան դնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը:
Financial Times-ը կը փոխանցէ, որ այդ հանգամանքը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի յարուցանէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանի զայրոյթը:
Մեկնաբան Շթեֆան Վագսթիլ կը նշէ, որ քուէարկութիւնը Պունտեսթակի մէջ նշանակուած է Յունիս 2-ին, մինչդեռ արդէն այս օրերուն թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամ կայ:
Էրտողանի մասին գերմանացի երգիծաբան Եան Պիւմերմանի հեղինակած հեգնական բանաստեղծութիւնը՝ խիստ վիրաւորած է Թուրքիոյ ղեկավարը, ատկէ բացի կայ լարուածութեան մէկ այլ պատճառ` կասկածի տակ յայտնուած է Շէնկենի տարածք մուտք գործելու համար թուրքերէն վիզաներ այլեւս չպահանջելու գործարքի իրականացումը:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յառաջիկային կրնայ հանդիպիլ Էրտողանին` «Սթամպուլի մէջ նախատեսուած արտակարգ օգնութիւն» թեմայով ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովի ատեն:
Պունտեսթակը շատոնց կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը: Անցեալ տարուայ Ապրիլին երբ աշխարհը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, Պունտեսթակի մէջ տեղի ունեցաւ թէժ քննարկում, սակայն Մերքելի կառավարութիւնը համոզեց Կանաչներու կուսակցութիւնը քուէարկութեան չդնելու բանաձեւը:
Մերքել չի ցանկար սրել գերմանա-թրքական կապերը` գոնէ այն պատճառով, որ Գերմանիոյ մէջ թրքական ծագում ունին մօտ 4 միլիոն մարդիկ:
Եւ այնուամենայնիւ իշխող համաձայնական կուսակցութիւններու անդամները կը գիտակցին, որ այդպէս կարելի չէ շարունակել, որովհետեւ տարբեր երկիրներէ, որոնց մէջ Վատիկանէն կը հասնի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին յայտարարութիւններու հզօր ալիքը:
Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական եւ քրիստոնեայ-ընկերվարականներու միութիւնը, կանաչներն ու ընկերվարական-ժողովրդավարները համաձայնութեան եկած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով:
Շթեֆան Վագսթիլի համոզումով գրեթէ վստահ կարելի է ըսել, որ Պունտեսթակը պիտի ընդունի բանաձեւը:
Կանաչներու համանախագահ ծագումով թուրք օրէնսդիր Ճեմ Օզտեմիր ըսած է. «Երեւի Անգարայի մէջ զայրանան, բայց Պունտեսթակը երբեք շանթաժի պիտի չենթարկուի Էրտողանի նման բռնակալներու կողմէ»: