Ուրբաթ, 18. 07. 2025

spot_img

Հայկական Մշակութային Ինքնավարութիւն Աբխազիոյ Մէջ

Աբխազիոյ մէջ գործող «Կռունկ» հայկական հասարակական կազմակերպութիւնը յայտարարած է՝ այդ երկիրին մէջ «Հայկական ազգային մշակութային ինքնավարութիւն» ստեղծելու մասին:

Հասարակական կազմակերպութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ հայերը այդ փոքր, բայց բազմազգ երկիրին մէջ բնակութիւն հաստատած են հինէն, գործօն մասնակցութիւն ունեցած աբխազական պետութեան զարգացման գործին մէջ, կռուած այդ երկիրի թշնամիին դէմ, կը յայտնէ  panorama.am-ը:

Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ յայտարարութեան հեղինակները կը նշեն, որ խորհրդային տարիներուն հայ բնակչութիւնը հնարաւորութիւն չէ ունեցած զարգացնելու մշակոյթը, ինչպէս`  հոգեւորը,  կ՛արգիլուէր հայկական դպրոցներու գործունէութիւնը եւ եկեղեցաշինութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Աբխազիոյ անկախութեան համար պայքարած շատ հայեր հրոսներ դարձած են, անոնք պայքարած են երկիրի անկախութեան համար, որպէսզի յետոյ իրենց իրաւունքները չոտնահարուին:

«Երկիրի ղեկավարութիւնը միտումնաւոր կը պակսեցնէ հայ բնակչութեան թիւը, որպէսզի թոյլ չտայ եկեղեցի, դպրոց, հայկական թատրոն, մշակութային կեդրոններ կառուցելու»,լրատուամիջոցի փոխանցմամբ ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Աբխազիոյ բնիկ հայ ժողովուրդը ունի բոլոր իրաւական հիմքերը` Աբխազիոյ մէջ ստեղծելու հայկական ազգային մշակութային ինքնավարութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին