Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Արուեստագէտները Բացօթեայ Հաﬔրգով Պիտի Շնորհաւորեն Շառլ Ազնաւուրի 92-ամեակը

Սիրուած շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի 92-­րդ տարեդարձը հայաստանցի հանդիսատեսի կեանքին մէջ պիտի նշանաւորուի հաﬔրգով: Մայիս 22-­ին ժամը 20:00-ին, Շառլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուի բացօթեայ հաﬔրգ` նուիրուած աշխարհահռչակ երգիչին 92-ամեակին:

«Արէնփրես»-ի հաղորդմամբ ելոյթներով հանդէս պիտի գան անուանի երաժիշտներ Լեւոն Մալխասեանը, Արամոն, Տիգրան Համասեանը, «Արթ Սինեմա» անսամպլը, Սոնա Շիրոյեանը եւ Հայկ Պետրոսեանը:

Հաﬔրգի ընթացքին պիտի հնչեն Շառլ Ազնաւուրի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու կատարումները: Կազմակերպիչները այս ձեռնարկի մեկնարկով նպատակ ունին՝ ամէն տարի նշելու ﬔծն շանսոնիէի ծննդեան օրը իր իսկ անուան հրապարակին վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին