Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

ԼՂՀ-ն Կոչ Կ՛ընէ Վերականգնելու Եռակողմ Ձեւաչափը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ), դրական կը գնահատէ Մայիս 16-ին Վիեննայի մէջ կայացած` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը:

ԼՂՀ ԱԳՆ-ն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան՝ միջադէպերու հետաքննութիւններու իրականացման ԵԱՀԿ մեքանիզմի շուրջ աշխատանքները աւարտելու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ ԿԽՄԿ հովանիին տակ անյայտ կորածներու մասին տեղեկատուութեան փոխանակումը շարունակելու վերաբերեալ:

«Մենք նաեւ կը կիսենք դիրքորոշումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն, որոնք կը բացառեն հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու որեւէ հնարաւորութիւն եւ կը պնդեն 1994-ի ու 1995-ի հրադադարի մասին համաձայնագիրերու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Նշուած համաձայնագիրերը, որոնք վերջ դրին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն եւ այդպիսով հնարաւորութիւն ստեղծեցին` որոնելու ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիները, կնքուած են բանակցութիւններու բոլոր երեք կողմերուն` Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի լիարժէք մասնակցութեան շնորհիւ: Կարգաւորման գործընթացի տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, հակամարտութեան վերջնական հանգուցալուծման հասնելու համար՝ վերականգնել բանակցութիւնները նոյն նշուած եռակողմ ձեւաչափով», յայտարարած է Արցախի ԱԳՆ-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին