Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Ստեփանակերտը Մեծ Ակնկալիքներ Չունի Որ Ազրպէյճանը Կը Սատարէ Հետաքննութեան Մեքենականութիւններու Ներդրման

Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը դրական ազդեցութիւն կը ձգէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ:

Այս մասին ըսած է ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան: «Հանդիպումը օգտակար էր եւ լաւատեսութիւն ներշնչող: Կարեւոր կը համարենք Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումը Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմէն յետոյ: Բանակցային գործընթացը քոմայի մէջ է եւ այս հանդիպումը զայն վերակենդանացնելու առաջին փորձն էր», «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ նշած է Բաբայեան:

Անոր խօսքով հանդիպման մասնակիցներուն յայտարարութիւնները եւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու ամփոփիչ մեկնաբանութիւնները թոյլ կու տան ենթադրելու, որ դրական ազդակներ կան:

Դաւիթ Բաբայեան աւելցուցած է, որ զինադադարը խստօրէն պահպանելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու կոչերը կը նշանակեն, որ միջազգային հանրութեան համար անընդունելի են գործողութիւնները, որոնք կը խախտեն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ կը միտին ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան փոփոխութեան: «Այդ փաստաթուղթերը ստորագրած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը: Այդ փաստաթուղթերու վրայ յղում կատարելը կը նշանակէ, որ միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը կը ճանաչնայ որպէս կողմ եւ կ՛ընդունի, որ Ղարաբաղը պէտք է անյապաղ մասնակցութիւն ունենայ գործող պայմանաւորուածութիւններու իրագործման, ինչպէս նաեւ այն պայմանաւորուածութիւններուն, որոնց վերաբերեալ համաձայնութիւններ կ՛ըլլան», ըսած է Բաբայեան:

Ան կարեւոր համարած է նաեւ՝ սահմանագիծին վրայ միջադէպերու  հետաքննութեան մեքենականութիւններու ներդրման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: «Առանց անոր անհնար է առաջ շարժիլ: Մեքենականութիւնները հնարաւորութիւն կու տան ճշդելու հրադադարի խախտումները` ուրկէ եղած են անոնք, երբ եղած են եւ որ կողմն է մեղաւոր», ընդգծած է ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակը:

Միեւնոյն ժամանակ Դաւիթ Բաբայեան նկատած է, որ սահմանագիծի  հետաքննութեան մեքենականութիւններու ներդրման գործընթացը չի կրնար արագ ըլլալ: Անոր խօսքով այդ մեքենականութիւնները ներդնելու համար երկար ժամանակ պէտք է: «Միանշանակ է, որ այդ գործընթացը չի կրնար իրականանալ առանց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեան: Հետաքննութեան մեքենականութիւններու մշակման եւ ներդրման աշխատանքները բաղկացած են շատ փուլերէ, որոնց մէջ ներգրաւուած  պիտի ըլլան Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի շարք մը կառոյցներ», աւելցուցած է Բաբայեան:

Ստեփանակերտի մէջ սակայն, վստահ չեն, որ Ազրպէյճան պիտի սատարէ այդ գործընթացի իրականացման: «Պէտք չէ լրացուցիչ լաւատեսութեամբ լեցուիլ: Ազրպէյճանը եթէ նոյնիսկ պաշտօնական մակարդակով սատարէ, գործնականօրէն դէմ պիտի արտայայտուի: Անոր վառ վկայութիւնը Վիեննայի մէջ նախագահներու հանդիպման ժամանակ՝ հակառակորդի կողմէ բուռն կրակոցներն են, որոնց պատճառով մեր զինուած ուժերու զինծառայող մը զոհուեցաւ», եզրափակած է ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին