Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Պարտականութեան Գիտակցութիւն եւ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Քըսրուանի «մահ ու կենաց» քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու նախօրէին երեսփոխան Միշէլ Աուն, որ հակառակ նոյն շրջանէն ընտրուած ըլլալուն՝ տարիներէ ի վեր չէր այցելած այդ շրջանը, ստիպուեցաւ երթալ հոն՝ ուժ տալու իր նեցակցած ցանկին, այս առիթով կազմակերպուած ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին յայտարարելով, որ «քուէարկելը պարտականութիւն է»…:

Յաջորդ օր թղթակիցի մը այն հարցումին, թէ արդեօք ինք քուէարկե՞ց, ան պատասխանեց «անշուշտ  ո՛չ»…:

Չէ՞ որ այդ մէկը  «պարտականութիւն» էր Ժեներալ…:

Այս երկուութիւնը ինծի միտքով տարաւ 13 Հոկտեմբեր 1990, երբ ան իր քաջարի զինուորներուն անհաւասար մարտի մղեց՝ Պաապտայի նախագահական պալատը ռմբակոծող սուրիական ուժերուն եւ պատերազմական օդանաւերուն դէմ։ Իրեն ենթակայ սպաներն ու զինուորները պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ՝ մինչեւ վերջին շունչ փորձեցին պահպանել նախագահական պալատը, մինչ Ժեներալ Աուն հակառակ իր խրատներուն՝ դիմադրելու եւ պայքարելու, շունչը ֆրանսական դեսպանատուն առաւ…:

Այսօրուայ համար ալ այսքան սիրելի ընթերցող:

Բարի օր քեզի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին