«Երբ մեր շրթները կ’արտասանեն «ՄԱՅՐ»
Գարնան վարդերը կը ժպտան, կը պարեն եւ կը բուրեն կեանք
Մայր կեանք ես դու, յոյս ես, երակին մէջ հոսանք առած արիւնն ես»։
Մայիսեան այս գեղեցիկ օրերուն, բերկրութիւն է Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան, Ուսուցչակազմին եւ Ծնողաց Յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն համար, հրաւիրել վարժարանիս «Մայրերը» զանոնք պատուելու գեղեցիկ յայտագիրով մը:
Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ին, մեր սիրելի մայրերը հաւաքուած էին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահը:
Յայտագիրը սկսաւ վարժարանիս Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեանի բացման խօսքով: Ան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը՝ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բոլոր մայրերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բոլոր նահատակներուն, ապա իր սիրտի խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ամէն տարի կը տօնակատարենք մայրերու օրը՝ արտայայտելու համար մեր սէրը, գուրգուրանքը եւ յարգանքը իրենց աննկարագրելի նուիրումին: Ան շարունակեց ըսելով, թէ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը եղած է ու կը մնայ Մեսրոպակերտ մեծասքանչ լեզուի դարբնոցն ու ամրակուռ ամրոցը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ այս տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը, 2016 տարին հռչակեց «Ծառայութեան տարի» եւ ասկէ մեկնելով վարժարանիս 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարանի աշակերտները մայրերու օրը նշեցին Հայ Ծերանոցէն ներս, ուրախացնելու համար հայ մամիկները եւ խօսքը աւարտեց ըսելով՝ «Ապրի’ն հայ մայրերն ու մեծ մայրերը, ապրին Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի մեծ ընտանիքի բոլոր մայրերը»:
Յայտագիրը սկսաւ «Էլի մեծ էր նա, մեծ էր ու անգին» խորագիրով տեսաերիզի ցուցադրութեամբ, մանկապարտէզի փոքրիկները հանդէս եկան «Մայրիկիս» եւ «بعيدك يا ماما» երգերով ու անգլերէն արտասանութեամբ՝ «Mom I love you», ապա Նախ. Ա. եւ Բ. դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Մայրս»: Յայտագիրը շարունակուեցաւ Նախ. Գ. դասարանէն աշակերտուհի Ալին Գէորգեանի «Իմ անուշ մայրիկ» երգով, ապա երգի ուսուցիչ Պրն. Երուանդ Քէշիշեանի եւ Միջն. Ա. դասարանէն Սէլին Յովհաննէսեանի «Մայրս» զուգերգով: Միջն. Ա. դասարանէն հանդէս եկաւ Վարդի Սալխանեան ընկերակցութեամբ Միջն. Բ. դասարանէն տհոլով Փիթըր Մուրատեանի՝ «Զինուորի մօր երգը» խորագիրով, Նախ. Զ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն «Մօր ձեռքերը», Միջն. Ա. դասարանէն Սէլին Յովհաննէսեան եւ Վարդի Սալխանեան երգեցին «Սուրբ մայրեր», Նախ. Դ. դասարանէն Ռիթա Մարտիրոսեան նուագեց «L’envolée» դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, Միջն. Ա. դասարանէն Ռուպինա Օհան հանդէս եկաւ «Սայեաթ Նովա» մենապարով, եւ Նախ. Գ. դասարանէն Սահակ Ճօ Փափազեան նուագեց «علينا الهوا مسن» թմբուկով:
Այս գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, ուրախ եւ մտերմիկ մթնոլորտով խանդավառուած փակուեցաւ յայտագիրը՝ մաղթելով մեր մայրերուն, որ մնան առողջ եւ մեր կեանքի անթառամ վարդերը: