Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան Այցելեց Պաշտպանութեան Բանակի Զօրավարժարաններէն Մէկը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 17-ին այցելած է Պաշտպանութեան բանակի զօրավարժարաններէն մէկը, հանդիպած Արցախի ազատամարտիկներու միութեան անդամներէ կազմուած գումարտակներէն մէկուն անձնակազմին հետ, ծանօթացած անոնց առօրեային եւ ծառայութեան ընթացքին:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան և հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝   նախագահը ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը` կարեւորելով ազատամարտիկներու մասնակցութիւնը Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:

Նախագահին կ՛ուղեկցէին պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը, Արցախի ազատամարտիկներու միութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանը, ԼՂՀ ԱԺ պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ժաննա Գալստեանը, պաշտօնատար այլ անձիք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին