Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկեր Մայք Խարապեանի Այցելութիւնը Լոս Անճելըս

ՌԱԿ պատկառելի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեան վերջերս կը գտնուէր Լոս Անճելըս։ Ան իր այցելութեան ընթացքին բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ ազգային դէմքերու եւ կուսակցական շարքին հետ։

Երկուշաբթի, 2 Մայիս 2016-ին ընկեր Խարապեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խորհրդակցական ժողովի մը, որ տեղի ունեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ, Ալթատինա, Քալիֆորնիա։

Ներկայ էին մեծ թիւով թէ՛ վեթերան կուսակցականներ եւ թէ՛ կեդրոնական ու շրջանային վարչութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ այլ պարտականութիւններու վրայ ծառայող ընկերներ։

Խորհրդակցական ժողովին գլխաւոր նպատակն էր՝ կուսակցութեան ներքին կազմակերպչական մեքենայի եւ աշխատանքային նոր դաշտերու մշակումը, այս ամիս Երեւանի մէջ կայանալիք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին ընդառաջ։

Ընկեր Մայք Խարապեանի ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը նպաստեցին, որպէսզի կատարուին բաց քննարկումներ։ Յարգարժան ատենապետին կոչն էր ուժերու մէկտեղումը ի նպաստ բարեյաջող մեկնարկին՝ շուտով կայանալիք Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Մայր Հայրենիքի մէջ։

Յարգելի էր ներկայութիւնը բոլոր մասնակիցներուն, որոնք իրենց փորձառութեամբ, եռանդով եւ կազմակերպչական կարողութիւններով՝ պատրաստ են վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ ՌԱԿ-ի դրօշակին տակ շարունակելու ծառայել հայութեան՝ յանուն Հայաստանի ու Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու անսասանութեան եւ Սփիւռքի յարատեւութեան։

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին