Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի «Աշակերտական Ցուցահանդէսը»

Մարդու ներաշխարհի եւ արտաշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անհպելի արժէքներու արտայայտման փոխյարաբերութիւնները՝ կը դրսեւորուին գեղագիտական կարգերու միջոցով:

Մարդը իբրեւ բանական էակ կը յատկանշուի իր ստեղծագործական ունակութեամբ: Հետեւաբար իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին  կը ներկայանանք մեր աշակերտներուն ստեղծագործութիւններով:

Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ին վարժարանիս մէջ աշակերտները արտակարգ ոգեւորութեամբ կը սպասէին ծանօթանալու օրուան յարգարժան հիւրին՝ լիբանանահայ արուեստի աշխարհին մէջ իւրայատուկ տաղանդով օժտուած արուեստագիտուհի, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան տեղական վարչութեան անդամ Տիկ. Լենա Այտընեանի, որուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-դասարանային գծագրական մրցանքը (նախ. Ա-էն Միջն. Բ.), որ կը միտէր քաջալերել տաղանդաւոր եւ արուեստը սիրող աշակերտները, ինչպէս նաեւ առիթը ընծայել անոնց ձիրքերը յայտնաբերելու համար:

Մրցանքի աւարտին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Աշակերտական Ցուցահանդէս»ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամուհիներ՝ Օրդ. Լորիս Թուղլաճեան եւ Տիկ. Էվիկ Տաքէսեան, ծնողաց յանձնախումբի անդամուհիներ եւ ծնողներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան՝ անդադառնալով, որ այս տարի եւս վարժարանիս տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչակազմը,  համագործակցաբար կազմակերպեցին տարբեր տարիքային խումբերու ստեղծագործական եւ գծագրական աշխատանքներու այս ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ միջ-դասարանային գծագրական մրցանքը՝ նուիրուած վարժարանիս հիմնադրման 65-ամեակին: Սոյն ձեռնարկը իր այլազան թեմաներու ներկայացումով, արդիւնքն էր ամբողջ տարեշրջանի մը մեղուաջան աշխատանքին եւ կը միտէր աշակերտներուն մօտ զարգացնել արուեստի հանդէպ սէրն ու գնահատել անոնց աշխատանքները: Այս տարի մեր աշակերտները յատուկ հոգածութեան առարկայ դարձուցին նաեւ մեր հայկական եկեղեցիները՝ մեկնելով այն տեսակէտէն, որ հայ ազգի եկեղեցական ճարտարարուեստը միջազգային համբաւ կը վայելէ:

Տնօրէնուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրին, որ սիրայօժար ընդառաջած էր վարժարանիս հրաւէրին, ինչպէս նաեւ իր կատարած սրտաբուխ նուիրատուութեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցչակազմին, յատկապէս գծագրութեան դասատու Տիկ. Ամալիա Հայրիկեանի եւ ձեռային աշխատանքներու դասատու Տիկ. Էլիզ Եուսուֆի ու վարժարանիս շրջանաւարտ Փաթրիք Անթունեանի, որոնք մաս կազմեցին դատական կազմին, Տիկ. Լենա Այտընեանի հետ  ընտրելու համար գծագրական մրցանքի մցանակակիրները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բեմահարթակ բարձրանալով ստացաւ իր նուէրը: Իսկ գծագրական մրցանքին մասնակցող իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ վկայագիր մը:

Ստորեւ կը նեկայացնենք անուանացանկը իւրաքանչիւր դասարանի առաջին երեք մցանակակիրներուն:

Նախ. Ա.՝ Արազ Գոճաօղլանեան, Գարոլին Ճէյրանեան, Սելինա Քէօսէեան: Նախ. Բ.՝  Հրակ Գրիգոր, Վալերիա Տօմպուրեան, Ալէքս Գոճայեան: Նախ.Գ.՝ Մանօ Պորանեան, Ալին Գէորգեան, Վալենթինա Սրապիոնեան: Նախ. Դ.՝ Գեղամ Աշճեան, Սիէլ Ուլիկեան, Ատրիանա Տօմպուրեան: Նախ. Ե.՝ Մոսիկ Տէօրտիւլեան, Տէյվիտ Գէորգ, Նուշիկ Զատիկեան: Նախ. Զ.՝ Յովիկ Չավուշեան, Յակոբ Պէքարեան, Գօգօ Ճէյրանեան: Միջն. Ա.՝ Ռուպինա Օհան, Համազասպ Օհան, Ռաֆֆի Պօղոս: Միջն. Բ.՝ Փօլ Քէշիշեան, Կրէյս Ուլիկեան, Փիթըր Մուրատեան:

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի ուսուցչակազմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը, կու գայ անգամ մը եւս ամրապնդելու վարժարանիս առաքելութիւնը՝ ջամբելով ուսում եւ արուեստ, ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Տեղեկատուական Գրասենեակ

DSC04657

DSC04730

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին