ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն հասած է Վիեննա:
Ըստ «Արմէնփրես»ի հաղորդած տեղեկութիւններուն նախագահ Սարգսեան պիտի մասնակցի՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի (ՄԽ) համանախագահողներու նախաձեռնութեամբ նախատեսուած շարք մը աշխատանքային հանդիպումներու:
Վիեննայի մէջ են նաեւ համանախագահող երկիրներու` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարները: ՄԽ համանախագահները Մայիս 12-ին յայտարարութիւն տարածած էին` նշելով. «Վերջին բռնութիւններուն եւ սահմանագիծին լարուածութիւնը հանելու անհրաժեշտութեան լոյսին տակ՝ մենք կը հաւատանք, որ եկած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ժամանակը: Անոնց հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ ամրապնդել հրադադարը եւ հասնիլ վստահութիւն սերմանող միջոցներու շուրջ համաձայնութեան, որ բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծէ բանակցութիւններու վերսկսման համար, յանուն համապարփակ կարգաւորման` հիմնուած քննարկուող հիմնարար տարրերու եւ սկզբունքներու վրայ»: