Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

«Հայաստանի Հետ Ունինք Բարեկամական Բայց Ոչ Ռազմավարական Համագործակցութիւն». Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարար

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինա Խիտաշելին, Կապալայի մէջ երէկ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Հայաստանի կատարած ընտրութիւնը կը յստակացնէ անոր հետ մեր համագործակցութեան մակարդակը:

Խիտաշելին մանրամասնած է, որ այդ մակարդակը բարեկամական է, սակայն ոչ ռազմավարական: Վրաստանի նպատակը եւրոատլանտնեան ընդելուզումն է, իսկ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, որուն համար ալ այդ հանգամանքը կը յստակացնէ թուրք-վրացական ռազմավարական համագործակցութիւնը, իսկ Հայաստանի հարցով (հանդէպ) չի գործեր նման հանգամանք։ Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի կը հաղորդէ Georgia Online-ը:

«Մենք չենք ընտրեր: Մենք ընտրութիւն չենք կատարեր: Երեւան եղայ 2016 թուականի Յունուարին, ուր ըսի, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը Վրաստանի ռազմավարական գործընկերներն են: Վրաստանը ունի շատ ընկերներ եւ գործընկերներ:

Մենք կ՝աշխատինք բազում երկիրներու հետ: Վրաստանի համար այսօր ամենակարեւորը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումն է: Մենք Հայաստանի հետ կ՛աշխատինք իբրեւ մեր հարեւանը, եւ մեր միջեւ չկան խնդիրներ, սակայն ինչպէս մենք ըսինք, որ գոյութիւն ունի գործընկերութիւն, ճանապարհ, ուր մենք միասին կ՛երթանք:

Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, Վրաստանը կ՛ուզէ ըլլալ ՆԱԹՕ-ի անդամ: Ատիկա կը յստակացնէ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը: Հայաստանը կատարած է այլ ընտրութիւն, ան անդամակցած է ԵՏՄ-ին, մենք չենք ուզեր մտնել այնտեղ: Ատիկա նոյնպէս կը յստակացնէ Հայաստանի հետ մեր համագործակցութեան մակարդակը` բարեկամական, սակայն ոչ ռազմավարական համագործակցութիւն», ըսած է ան:

Խիտաշելին աւելցուցած է, որ Վրաստանի մէջ կ՛ապրի բաւական մեծ թիւով հայ համայնք, որուն համար ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները Վրաստանի համար նոյնքան կարեւոր են, որքան որ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին