*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Նկարին մէջ աջին երեւցող մարդը Սատիք Խանն է…: Լոնտոնի նորընտիր քաղաքապետը: Ան փողոցը կեցած հանրային փոխադրութեան կառքը կը սպասէ իր գործին ուղղուելու համար…:
Կարելի է զինք նմանցնել մեր երկիրի նախկին թէ նորընտիր քաղաքապետերուն, Չէ՞…: Պէտք չունիմ ըսելու, որ մեր մօտ 500 հոգի հաշուող գիւղի մը գիւղացիներուն գլխուն բուսած գիւղապետը, որքա՜ն նորատիպ ինքնաշարժով ու պահակներով կը տեղափոխուի…:
Ճիշդ այս պատճառով ալ երեւի Անգլիան՝ Անգլիա է… մինչ Լիբանանը պիտի մնայ Լիբանան…:
Այսօրուայ համար այսքան սիրելի ընթերցող: Եթէ աւելի շարունակեմ երեւի ինչե՜ր ըսեմ…: Աւելի լաւ է հոս աւարտել այս սիւնակը:
Վաղը նորէն կը տեսնուինք: