*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Սիրելի ընթերցող, երէկ իրիկուն հազիւ նստած էի սիւնակս գրելու, պատահմամբ հանդիպեցայ հայկական ասացուածքի մը, որ առիթ տուաւ ինծի պահ մը կանգ առնելով խորհրդածելու եւ ձեզի հետ բաժնելու զայն:
Ասացուածքը կ՛ըսէ. «Ծառը գանգատի գնաց Աստուծոյ մօտ կացինին մասին, որ զինք կը կտրէ: Աստուած անոր պատասխանեց՝ կացինին կոթը քեզմէ շինուած է»…:
Որքա՜ն ճիշդ: Մենք շատ յաճախ կը գանգատինք հարցերու եւ երեւոյթներու մասին՝ առանց անդրադառնալու, որ երբեմն անոնց գոյութեան բուն պատճառը մենք ենք: Կը գանգատինք նախագահէն, քաղաքապետէն, ատենապետէն կամ վարչականէն, առանց վայրկեան մը մտածելու, որ վերոյիշեալները ո՞վ ընտրած է իրենց պաշտօնին վրայ…:
Կ՛ընտրենք միեւնոյն մարդիկը ու մեր իրավիճակին մէջ փոփոխութիւն կ՛ակնկալենք անոնցմէ…:
Կը գանգատինք ջուրի նեղութենէ, սակայն երբեմն մեր ակռաները լուալու համար ջուրը բաց կը ձգենք՝ սպառելով տակառ մը….:
Ելեկտրականութիւնը սուղ է կ՛ըսենք, մինչ օր ցերեկով ամբողջ տունը կը լուսաւորենք, նաեւ լոյսերը չենք մարեր՝ երբ տուեալ սենեակէ մը կամ ընդհանրապէս տունէն ելլենք…:
Շարքը երկար է սիրելի ընթերցող, մինչ հարցը շատ պարզ: Մեզի կոտրտող կացինին կոթը մենք ենք, որ տրամադրած ենք անոր: Եթէ դադրինք զայն ընելէ, չենք կտրտուիր…:
Այսօրուայ համար այսքան:
Վաղը կը տեսնուինք: