Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Պէյրութի Նորընտրեալ Քաղաքապետական Խորհուրդը Նախարարաց Խորհուրդի Վերարտադրութիւնը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Իր աւարտին հասաւ Լիբանանի Քաղաքապետական եւ Թաղապետական Ընտրութիւններու առաջին հանգրուանը:

Երէկուայ ընտրութիւններն ու յառաջիկայ շաբաթներուն այլ շրջաններու մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները, կարելի է նաեւ համարել փորձ քննութիւն, թէ ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ պատկերը՝ աւելի ուշ օր մը կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքին: Ան նաեւ կարելի է համարել ուժերու ցուցադրութիւն եւ ստուգում, թէ կուսակցութիւններու եւ թէ քաղաքացիական շարժումներու կողմէ: Ընտրութիւններու արդիւնքներուն խորաթափանց ուսումնասիրութիւնը՝ Լիբանանը խանութի վերածած իշխող կողմերուն կրնայ ուղղել, թէ ինչպէս կարելի է ընտրական նոր օրէնք մը մշակել առաւելագոյնս ձայներ ապահովելու համար: Այսինքն ընտրական նոր օրէնքը ձեւել ըստ իւրաքանչիւր կողմի չափին, մինչ այդ կողմերը երեւոյթով մրցակիցներ կամ հակառակորդներ են, սակայն երբ իրենց շահերը պահանջեն՝ ինչպէս յանկարծ կը միաւորուին խեղճ ժողովուրդին դէմ…: Իսկ Լիբանանի խեղճ ու յաճախ նաեւ միամիտ ժողովուրդը կը շարունակէ վարուիլ՝ կարծէք անճար ու ոչխարային հոգեբանութեամբ մը, ընտրելով զինք կերակրողները առանց անդրադառնալու, որ ոչխարը կերակրողը շատ յաճախ նաեւ անոր մորթողն է…:

Ինչ կը վերաբերի մասնաւորաբար Պէյրութի ընտրութիւններուն ու անոր ակնկալուած արդիւնքին, ինծի կը մնայ ըսել, որ Պէյրութի նորընտրեալ Քաղաքապետական Խորհուրդը մեռած ծնաւ պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ անոր աշխատանքները պիտի միշտ խոչընդոտուին քաղաքական պատճառներով, որովհետեւ ան յստակ վերարտադրութիւնը կամ մանրանկարն է արդէն իսկ անդամալոյծ նախարարաց խորհուրդին, որուն մէջ գոյութիւն ունեցող հանգոյցներն ու խնդիրները պիտի արտացոլան իր մէջ, անդամալուծելով նաեւ քաղաքացիին ամէնօրեայ կեանքին հետ անմիջականօրէն կապուած քաղաքապետութեան աշխատանքները՝ հետեւաբար անդամալուծելով քաղաքի զարգացումը:

Փափաքս է, որ վերլուծումս այս անգամ սխալ դուրս գայ:

 

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին