Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

«Պատասխան Լաւաշին». Պաքուն Կը Փորձէ Տոլման Ներառել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ Նիւթական Ժառանգութան Ցանկին Մէջ

Պաքուն փաստաթուղթեր կը նախապատրաստէ տոլմայի պատրաստման աւանդոյթը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու համար, կը հաղորդէ «Սիւիլնեթ»ը:

Ազրպէյճանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ապուլֆազ Գարաեւը, ռուսական «Ռիա նովոսթի» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ յիշեցուցած է, որ Հայաստանը անցեալ տարի «փորձած էր» լաւաշը ներառել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութան ցանկին մէջ:

Գարաեւը մեղադրած է Հայաստանը «ոչ միայն Ազրպէյճանի տարածքները, այլեւ ազրպէյճանական մշակոյթն ու խոհանոցը իւրացնելու մէջ»: Անոր պնդումով «տոլման կը պատկանի ամբողջ թրքական աշխարհին»:

2014-ի Նոյեմբեր 26-ին հայկական լաւաշը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ:

2013 թուականի, Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին պայմանադրութեան միջկառավարական կոմիտէի 9-րդ նիստին որոշում կայացած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի` մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառել Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» յայտը:

Այսպիսով ԵՈՒՆԵՍՔՕի` մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկը համալրուեցաւ հայկական եւս մէկ` չորրորդ մշակութային արժէքով: Նախորդ երեքն են ` «Դուդուկն ու իր երաժշտութիւնը», «Խաչքարի արուեստ. խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը», «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին