Հայաստանի Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Զարուհի Փոստանճեանի եւ Հրանդ Բագրատեանի օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած՝ «Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» օրինագծի վերաբերեալ եզրակացութեան նախագիծին: Կառավարութեան եզրակացութիւնը ստանալէ ետք՝ նախագիծը սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուի խորհրդարանի քննարկման: Անիկա ունի երկու յօդուածներ` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը» եւ «Սոյն օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման օրուան յաջորդող օրը»:
Ըստ «Սիվիլնեթ»ի նախաձեռնութեան անդրադարձած է ռուսական «Իզվեսթիա» թերթը, որ յղում ընելով իր աղբիւրներուն կը գրէ, թէ «հայերը խանդավառութեամբ ընդունած են» այդ քայլը:
Դիւանագիտական աղբիւրներու խօսքով, հաշուի առնելով Ապրիլի չորսօրեայ պատերազմը՝ «երկրի ղեկավարութիւնը վտանգի կը դիմէ այն պարագային, եթէ որոշէ հրաժարիլ նման հայրենասիրական օրինագիծէ»:
«Սերժ Սարգսեան Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպումէն ետք խոստացած էր չճանչնալ ԼՂՀ-ն՝ արդէն բարդ իրադրութիւնը չվատթարացնելու համար: Ան նաեւ յայտարարած է, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի: Այդուհաներձ Պաքուն խաղաղ կարգաւորման հնարաւորութիւն չէ ձգած` սանձազերծելով Քառօրեայ պատերազմը. զոհուած են հարիւրաւոր հայ զինծառայողներ: Այստեղ խօսքը կ՛երթայ հայերու կեանքի մասին, հետեւաբար դժուար կ՛ըլլայ բացատրել իշխանութիւններուն` ինքնավարութեան ճանաչումէն հերթական հրաժարումը», «Իզվեսթիա»ն կը մէջբերէ իր զրուցակիցը:
Թերթը կը վկայակոչէ նաեւ ՀՀ նախագահի վարչակազմին մօտիկ կանգնած աղբիւրները, որոնց կարծիքով «ղեկավարութիւնը նման քայլի չ՛երթար՝ մանաւանդ, որ իրենց տեղեկութիւններով Ռուսիա հաւանութիւն չի տար՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումէն շեղելու»:
Ռուսիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ալպերթ Անդրեանը պարբերականին ըսած է, որ հարցը դեռ քննարկման փուլի մէջ է, սակայն փաստը, որ ճանաչման հարցը կրկին դրուած է քննարկման, «պիտի ստիպէ Ազրպէյճանին ջղայնանալու»:
Անոր խօսքով քայլը պայմանաւորուած է մտադրութիւններու ամբողջ լրջութիւնը Ազրպէյճանին ցոյց տալու ցանկութեամբ:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ ԼՂՀ-ի հնարաւոր ճանաչումը հարցականի տակ կը դնէ՝ հակամարտութեան կարգաւորումը Մինսքի խումբի ծիրէն ներս, ուր այժմ կը նախագահէ Ռուսիա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռիա Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ պատճառ չի տեսներ Հայաստանի խորհրդարանականներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման վերաբերեալ օրինագիծի շուրջ խուճապի համար: Լաւրով նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը պիտի չորոշուի միակողմանի կերպով: