*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
«Որեւէ խօսք ըսելէ առաջ լաւ մտածէ: Բառերը կերտելու եւ կործանելու զօրութիւնը ունին: Այլապէս անոնք անջրպետի մէջ կ’ոչնչանան» (Անծանօթ):
«Բերնէդ ելածը ականջդ թող լսէ» ( ժողովրդային ասացուածք):
«Մարդ իր լեզուէն կը բռնուի» (Ժողովրդային ասացուածք):
Բառերու հետ շփուելով, անոնց դրական եւ բացասական կողմերը ճանչնալով, մարդիկ վերոյիշեալ ասացուածքները եւ անոնց նման խօսքեր յօրիներ են: Բառը իր մէջ զօրութիւն կը պարփակէ: Պատերազմներու ընթացքին զօրավարը իր զինուորները կը խրախուսէ քաջալերական բառերով: Ցաւն ու տառապանքը կը նուազին մխիթարական բառերով: Ուրախութիւնը կը կրկնապատկուի դրական բառերով: Գիտութիւնը կ’աճի ու կը զարգանայ բառերու յաւելումով: Տգիտութեան խաւարը կը թանձրանայ բառերու նուազումով: Այս ցանկի շարունակութիւնը կը թողում ձեզի, իսկ ես մի քանի պարզ գաղափարներով իմ միտքս կը շարունակեմ:
Ապրիլեան ամիսը հայերուս հաւաքականօրէն ամենաշատ բառեր գործածած ամիսն է: Գործածուած բառերը ընդհանրապէս շինիչ գաղափարներ կերտող են: Սակայն դժբախտաբար կան նաեւ բառեր, որոնք կ’արտասանուին պարզապէս անջրպետի ոչնչութեան մէջ տեղ մը գրաւելու համար: 100ամեակի բնաբանը եղաւ «Կը Յիշեմ եւ Կը Պահանջեմ»՝ դրական բառերը: Այս բառերը եկան փոխարինելու «Չեմ Մոռնար եւ Չեմ Ներեր» ոչ այնքան դրական բառեր: Ինքնին «Չ» տառը ժխտական մասնիկ է: Եւ տրամաբանութիւնը կը սորվեցնէ, որ ժխտականէն դրական չի ծնիր: «Չեմ Մոռնար եւ Չեմ Ներեր» բառերը ոչ մէկ ներգործական զօրութիւն ունին. անոնք պարզապէս կրաւորական դիրքորոշում մը կը ներկայացնեն: «Կը Յիշեմ եւ Կը Պահանջեմ» բառերը աշխատանք կ՛ենթադրեն (խօսքիս շեշտը դրական բառեր գործածելու մասին է): Աղէտի օրերու վկայ հեղինակը՝ Աւետիս Ահարոնեան ըսած է. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ կարդայ հայուն նախատինք»: Ի՞նչ կը նշանակէ «չմոռնալ»: Առաւել՝ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ պարագաներու մէջ ըսուեցան այս բառերը: Կարելի՞ է ամէն ժամանակներու բնաբան դարձնել զայն:
«Չմոռնալ» բացասական բառը ունի իր «Կը Յիշեմ» դրական երեսը: «Յիշել» կը նշանակէ «Գործել»: Այս իմաստով «Գործ» կը նշանակէ արդարութիւն եւ փոխհատուցում հայ նահատակներու արեան ու վերադարձը հայկական գրաւուած հողերուն: Նոյն ճշմարտութիւնը կրնանք դրական բառերով արտայայտել: Բայց ինչո՞ւ համար կը նշեմ այս բոլորը: Եթէ հետեւեալ բառերը թարգմանաբար ներկայացնենք օտարներուն՝ վրէժ, արիւն, զէնք, կռիւ եւն., ի՞նչ կ’ըլլայ անոնց տպաւորութիւնը հայոց հանդէպ: Իսկ եթէ ըսենք արդարութիւն, փոխհատուցում, սրբադասուած նահատակներ եւն., այս պարագային ի՞նչ կ՛ըլլայ անոնց կարծիքը: Մէկը կրնայ հայաբար մտածել եւ ըսել՝ որու հոգը, ինչ կ’ուզեն թող մտածեն օտարները: Եթէ այդպէս է, ինչո՞ւ համար հապա բոլոր ջանքերը՝ որպէսզի Հայկական Դատը օտարին լսցնենք եւ անոր հաւանութիւնը առնենք:
Հայը աշխարհի ամենահին ազգերէն է: Ան ունի հարուստ եւ բարապանծ պատմութիւն: Անզուգական եւ հոյասքանչ մշակոյթ: Ան ունի նաեւ ցաւ եւ վէրք: Ցաւին եւ վէրքին պէտք է դիտել, որպէս վերոյիշեալ պատմութեան եւ մշակոյթի տէր զաւակները: Մեծն Տիգրան իր կայսրութիւնը հիմնեց, որպէսզի քաղաքակրթութիւն սորվեցնէ խաւարի մէջ խարխափող ժողովուրդներու: Մենք այդ հզօր արքաներու շարաւիղէն ենք: Մենք քաջ Վարդանի թոռներն ենք: Մենք Բագրատունիներու 1001 եկեղեցիներու Անիի իսկական տէրերն ենք: Կիլիկեան աշխարհի Ռուբինեաններու արեւի շողերն ենք: Մենք աշխարհը իր աղօթքներով հմայած Նարեկի զաւակներն ենք: Մենք արի եւ արդար մարտիկներ ծնող ազգ մըն ենք: Որպէս այդպիսին «արդարութիւն» կը պահանջենք եւ ոչ «վրէժ»: «Կեանք կ’ընտրենք եւ ոչ «մահ»: Մեր պահանջքն է՝ արդարութիւն եւ փոխհատուցում մեր սրբադասուած նահատակներուն արեան, պապենական հողերու վերադարձը եւ մեր ազգին ու Հայրենիքին բարօրութիւնը: Այս բոլորը մենք պիտի կատարենք հայօրէն եւ հայավայել դրական բառեր գործածելով:
Այս իմաստով մարդ նոյնիսկ իր անձնական կեանքին մէջ պէտք է դրական բառեր գործածէ: Օրինակի համար կարելի՞ է զաւակիդ «դուն յիմար ես» ըսել եւ սպասել, որ իմաստուն ըլլայ: Կամ «ես չեմ կրնար յաջողիլ» ըսել եւ յաջողութիւն ակնկալել: Բառերը կը ստեղծեն այն աշխարհը, որու մէջ կ’ապրինք:
Օմար Մըխթար իտալական զօրքերու դէմ լիպիական դիմադրութեան ղեկավարն էր 1912-1931: Օր մը ճակատամարտէ մը ետք, անոր մարտիկներէն մեկը կը մօտենայ իրեն եւ կ’ըսէ. «Իտալացի գերիներ բռնեցինք, ի՞նչ ընենք անոնց հետ»: Ան կը պատասխանէ՝ « կերակրեցէք, ջուր տուէք եւ շուքին պահեցէք զիրենք»: «Բայց տէր»,- կը պատասխանէ մարտիկը-, «անոնք մեր գերիներու հետ շատ վատ կը վարուին»: «Իսկ քեզի ո՞վ ըսաւ, որ իրենք մեր ուսուցիչներն են», կ’ըլլայ ղեկավարին պատասխանը: Մեկնութիւնը ձեզի կը թողում: