Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

«Ցեղին Ցաւի, Ցեղին Ուժի» Գրագէտները Կը Մեծարուին

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլի երեկոյեան, գրասէր հոծ բազմութիւն մը փութացած էր ԹՄՄ Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահը, ներկայ գտնուելու նահատակ եօթը գրողներու վաստակին նուիրուած հրապարակային հանդիսութեան։

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Բարսեղ Գարթալեանի պահուն պատշաճ բացման խօսքով, ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան գլխաւոր բանախօս Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը։

Բանախօսը «Ցեղին ցաւի, ցեղին ուժի» խորագիրին թելադրութեամբ, հանդիսութեան եօթը գրագէտներէն իւրաքանչիւրին մասին ամփոփ՝ բայց գիտելիքներով յագեցած սքանչելի դասախօսութիւն մը հրամցուց ներկաներուն։ Դանիէլ Վարուժանի, Գրիգոր Զօհրապի, Ռուբէն Սեւակի, Երուխանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ Թլկատինցիի գրական հիանալի ստեղծագործութիւններուն եւ անոնց կեանքին մասին անդրադարձը բաւարարեց ներկաներուն հետաքրքրութիւնը։

Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանի այս գեղեցիկ ներկայացումներէն ետք, իւրաքանչիւր գրագէտի հեղինակած արձակ կամ չափածոյ գործերէն ընթերցումներ կատարեցին հինգ ելոյթ ունեցողներ։

Առաջին հերթին ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի, հայերէն լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ Լորա Գույումճեանը ներկայացուց՝ Դանիէլ Վարուժանի «Ցանը» եւ Գրիգոր Զօհրապի «Ռեհանը»։ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայ գրականութեան եւ հոգեբանութեան դասատու Ռոզալին Մատոյեանը ներկայացուց՝ Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր» քերթուածը։ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագիր եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայերէնի բաժանմունքի վարիչ Հրաչ Սեփեթճեան ներկայացուց՝ Երուխանի «Լուացարարուհին» յուզիչ գործը։ ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչական անդամ ու ծանօթ ասմունքող Մելօ Էքիզեան  արտասանեց Ռուբէն Սեւակի «Եկուրը»։ Իսկ խարբերդցի նահատակ գրագէտները՝ Ռուբէն Զարդարեանն ու Թլկատինցին ներկայացուեցան գրականագէտ ու նոյնպէս վարչական անդամ Լիլիթ Քէհէեանի կողմէ, որ կարդաց Զարդարեանի «Պուտ մը ջուր» պատմուածքը եւ Թլկատինցիի «Ժողովրդական զուարթ խօսքեր» կտորը։

Յայտագիրին մաս կազմող գեղարուեստական հարուստ բաժինին մէջ նախ ելոյթ ունեցաւ Ալպերթ Վարդանեանը, յաջորդաբար սրինգի ու շուիի վրայ նուագելով Կոմիտասի «Գարուն ա» եւ «Կռունկ» գործերը։ Իսկ քանոնի վրայ Լիլիթ Խոճայեանը ներկաները հմայեց՝ նուագելով «Հորովել» ժողովրդական երգը եւ Սայեաթ-Նովայի «Էշխեմեթ» գործը։ Երգչուհի Սալբի Մայիլեան մեկնաբանեց Թլկատինցիի «Անոր» գործը, որուն երաժշտական յօրինումը կատարած է Համբարձում Պէրպէրեան։ Մայիլեան ձեռնարկի աւարտին երգեց Արտեմի Այվազեանի «Արաքս» սիրուած գործը։

Յայտագիրի փակումը կատարեց Գերշ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանը իր իմաստալից գնահատականով. իսկ աղօթքը կատարեց Տ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեան։

Պէտք է մասնաւորաբար յիշել, որ եօթը նահատակ գրագէտներու նկարները, որոնք ճաշակով պատրաստուած էին կազմակերպիչ վարչութեան երկարամեայ անդամ եւ արուեստագէտ Տիգրան Էքիզեանի կողմէ, հարստացուցին տիրող մթնոլորտը։

Նոր տարեշրջանի առաջին ձեռնարկն էր Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Վարչութեան, որուն վստահաբար պիտի յաջորդեն որակաւոր շատ մը ծրագիրներ։

IMG_2908

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին