Նախօրէին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան ընդունած է՝ երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» 8-րդ մրցոյթ-փառատօնի արցախցի մրցանակակիրները եւ «Նոր ալիք 2016» մրցոյթի ՀՀ մասնակից Միքայէլ Գրիգորեանը:
ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` շնորհաւորելով մրցանակակիրները յաղթանակի առիթով նախարարը մասնաւորաբար նշած է. «Այդ յաղթանակները այսօր առաւել քան երբեւէ կարեւոր են: Ինչպէս որ մեր զինուորները առաջին գիծի վրայ կը պաշտպանեն Հայրենիքը, դուք ալ մեր զինուորներն էք մշակոյթի ոլորտի մէջ եւ ձեր յաղթանակներով աւելի կ՛ամրագրէք այն յաղթանակները, որոնք ձեռք կը բերեն մեր զինուորները, մեր յաղթական բանակը»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ դասատուներուն եւ ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէններուն, որոնց ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ անոնց սաները կրնան լաւագոյնս ներկայանալ տարբեր մրցոյթներու` նախարարը խոստացած է, որ այսուհետեւ նոյնպէս հնարաւոր ամէն ինչ պիտի կատարուի, որպէսզի արցախցի շնորհալի երախաները մասնակցին տարբեր մրցոյթներու եւ նորանոր յաղթանակներով վերադառնան` այսպիսով Արցախը ճանաչելի դարձնելով աշխարհին իբրեւ մշակութային երկիր` մարդոց պատկերացումներէն դուրս մղելով հակամարտութեան նիւթը:
Խօսելով իրենց ձեռքբերումներուն մասին, մրցանակակիրները իրենց յաղթանակները միաբերան նուիրած են՝ առաջնագիծին ծառայութիւն իրականացնող բոլոր զինուորներուն:
Հանդիպման աւարտին նախարարը բոլոր դափնեկիրներուն յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան դրօշը` մաղթելով, որ անոնք ունենան հանրապետութեան խորհրդանիշը ծածանելու նորանոր առիթներ:
Յիշեցնենք, որ երաժիշտ կատարողներու «Վերածնունդ» 8-րդ մրցոյթ-փառատօնը, այս տարի իրականացած է «Արուեստը ընդդէմ պատերազմներու եւ ահաբեկչութեան» խորագիրով: Մրցոյթ-փառատօնին մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են 36 երկիրներու աւելի քան 3000 մասնակիցներ: Տարիքային հինգ խումբերով, 18 անուանակարգերով իրականացող մրցոյթին, Արցախէն մասնակցած են 16 երաժիշտ կատարողներ, որոնք բոլորն ալ նուաճած են մրցանակային տեղեր։