Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Հալէպահայ Փոքրիկները Իրենց Խնայողութիւնները Արցախ Կ՛ուղարկեն

Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող ծանր իրավիճակին, Հալէպի Ազգային Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարաններու աշակերտները կը փորձեն իրենց զօրկացութիւնը յայտնել Արցախին եւ ունենալ իրենց փոքրիկ, բայց անչափ խորհրդանշական ներդրումը:

Ըստ Hayernaysor.am-ի Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Բերիոյ Հայոց թեմի մամուլի խօսնակ Ժիրայր Րէյիսեան յայտնած է, որ վարժարաններու աշակերտները իրենց առօրեայ ծախսը խնայելով` «փոքրիկ» խնայողութիւնները որոշած են յատկացնել արցախեան գոյապայքարի մասնակիցներուն, Արցախի իրենց հայրենակիցներուն:

«Ասիկա գոյատեւելու հաստատակամութեան լաւագոյն արտայայտութիւնն է: Այսօր հալէպահայ մանուկն ու պատանին իր ապրած դժուարութիւններու, ռմբակոծութիւններու եւ անապահով իրավիճակի ծանրութիւնը սեփական մաշկին վրայ զգալով՝ ուրիշներէն շատ աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ ինչ կը նշանակէ պատերազմ, ինչ կը նշանակէ վտանգուած ըլլալ», նշած է Ժիրայր Րէյիսեան:

Նշենք, որ հալէպահայ փոքրիկները իրենց նուիրատուութիւնը կատարած են Մայիս 3-ի առաւօտեան` տարեվերջի քննութենէն առաջ, երբ քաղաքը կը գտնուէր հրթիռակոծութեան եւ պայթիւններու տարափի տակ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին