Հենրիկ Իգիթեանի անուան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի փոքրիկները ներկայացուցած են՝ հայ զինուորներու պատկերներով իրենց աշխատանքները:
Ըստ Mediamax.am-ի ներկայացուած 60 աշխատանքներու հեղինակները, Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի Սոնա Բանոյեանի արուեստանոցի սաներն են:
Դեռ նախորդ տարի Գրականութեան թանգարանի գիտաշխատող Մարինա Հարոյեանի եւ Մանկական պատկերասրահի տնօրէն Արմէնուհի Իգիթեանի մտայղացմամբ, Գեղագիտութեան կեդրոնին հետ համատեղ մեկնարկեց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցին նուիրուած «Ծաղկած Հայաստան» նախագիծը: Նոյն ծիրէն ներս աշակերտները պատրաստած են հինգ մեթր երկարութեամբ մեծ պաստառ մը եւ քսան փոքր աշխատանքներ:
Այս տարի եւս փոքրիկ գծագրիչները շարունակած են ստեղծագործել նոյն խորագիրին ներքոյ` այս անգամ ներկայացնելով հայ զինուորներուն նուիրուած աշխատանքներ:
«Այսպիսի լարուած պատերազմական վիճակ չկար` դեռ տարուան սկիզբը նախատեսած էինք, որ պէտք է զինուորներուն պատկերող աշխատանքներ ստեղծենք: Բոլոր երախաներն ալ գիտեն, որ մեր աշխատանքներու թեման «Ծաղկած Հայաստան»ը, հնարաւոր է միայն հզօր բանակի առկայութեան պարագային: Իմ որդիս ալ այսօր կամաւորներու հետ առաջին գիծին վրայ է: Յոյսով ենք, որ մեր ցուցահանդէսը կ’ոգեւորէ մեր բոլոր զինուորները», նշած է Սոնա Բանոյեան:
7-ամեայ Էլէնը ստեղծագործելու ընթացքին «Իսկական զինուոր» տեսնելով աշխատած է, որ իր ծնողներու ընկեր Ասատուրը եղած է:
Աղջիկը կ’երազէ օր մը նամակ գրել զինուորներուն, շնորհակալութիւն յայտնել ու ըսել, որ գիտէ, թէ իրենք շատ քաջ են, որովհետեւ «մեր Հայաստան աշխարհ»-ը կը պաշտպանեն: