Եւրոտեսիլ 2016-ին Հայաստանը ներկայացնող երգչուհի Իւեթա Մուկուչեան եւ ամբողջ պատուիրակութիւնը Մայիս 1-ին մեկնեցան Շուէտ, որուն մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Մայիս 10-ին պիտի մեկնարկէ մրցոյթը: Իւեթային Արլանտա միջազգային օդակայանի մէջ դիմաւորեցին հայ համայնքի ներկայացուցիչները, որոնք չէին մոռցած իրենց հետ բերելու նաեւ եռագոյնները: