Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

«Յունիս 2-ին Պունտեսթակը Պիտի Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Գերմանացի Պատգամաւոր

Գերմանիոյ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան (SPD) խորհրդարանական խումբի նախագահ Թոմաս Օպերման, մեկնաբանութիւններ ըրած է Պունտեսթակի մէջ քննարկուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին վերաբերեալ: Թրքական «Հիւրիյէթ» թերթի կայքին տեղեկացմամբ` ան համոզուած է, որ դաշնային խորհրդարանը պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Յունիս 2-ին դաշնային խորհրդարանը պիտի ընդունի, որ առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հայերու զանգուածային կոտորածներն ու տեղահանութիւնները Ցեղասպանութիւն եղած են», ermenihaber.am-ի փոխանցամբ նշած է Օպերման:

«Հակառակ անոր, որ իշխող համախառն կառավարութեան անդամ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ ատոր, վարչապետ Անկելա Մերքել այնուամենայնիւ թոյլ տուաւ, որ ծաղրանկարիչ Պեօհմերմանի դէմ քրէական գործ յարուցուի, որ սխալ էր: Նոյն այդ պատճառով ալ պէտք է հաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը», աւելցուցած է պատգամաւորը:

Նշենք, որ անցեալ տարի եւս Պունտեսթակի օրակարգ բերուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նախատեսող բանաձեւ, որուն ընդունումը խոչնդոտած էին Գերմանիոյ Քրիստոնէական միութիւն (CDU/CSU) եւ Ընկերվար ժողովրդավարական (SPD) կուսակցութիւններու խորհրդարանական խումբերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին