Մայիս 3-ին Հայաստանի Արտաքի Գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան Հելսինքիի մէջ հանդիպած է ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի (ԽՎ) նախագահ Իլգա Գաներուայի հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳ նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Էտուարտ Նալպանտեանը ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահին ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման հետեւանքները, անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն ջանքերը:
Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարը ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահի ուշադրութիւնը հրաւիրած է՝ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներուն վրայ: Նախարարը աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ արհամարհել հրադադարը յարգելու մասին միջազգային հանրութեան կոչերը, ոտնահարել 1994-1995ի զինադադարի հաստատման եւ ամրապնդման մասին եռակողմ անժամկէտ համաձայնագիրերը:
Այս առումով Իլգա Գաներուան նշած է, որ ուժի կիրառումը անընդունելի է եւ աւելցուցած, որ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովը ամբողջովին կը սատարէ միջնորդութեան միջազգային իրաւագիր ունեցող Մինսքի խումբի եռանախագահներուն ջանքերը` ուղղուած բանակցութիւններու միջոցով ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններու ընդլայնման:
Զրուցակիցները քննարկած են ԵԱՀԿ օրակարգային շարք մը հարցեր: