*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Հայրենիքի եւ պետականութեան գոյութիւնը երաշխիք է ժողովուրդի մը գոյատեւման, ինչպէս նաեւ ներկայի ու ապագայի մէջ անոր ապահով նաւարկումին:
Ճիշդ այս իրականութեան վրայ հիմնուելով ու հաւատալով անոր կենսականութեան, ՌԱԿը իր ղեկավարութեամբ, շարքերով, համակիրներով եւ մամուլով Հայրենիքի կողքին եղած է նոյնիսկ ամենադժուար ու մռայլ օրերուն, միեւնոյն ժամանակ հպարտացած եւ լաւագոյնս գնահատած է անոր մէն մի իրագործումը: Մենք հաւատացած ենք, որ ինչ ալ ըլլայ Հայրենիքի վարչակարգի գոյնը, պէտք է Հայ Սփիւռքը ըլլայ անոր կողքին, ուժ տալով եւ ուժ առնելով անկէ:
Այսօր 25 ամեայ անկախ Հայաստանի գոյութիւնը աւելի եւս խթան է ու նպատակակէտ՝ վերոյիշեալ ուղին շարունակելու: Այսօր մեր անկախ Հայրենիքի գոյութիւնը կրկնապատկուած երաշխիք է ու առիթ՝ աւելի եւս կազմակերպուած Սփիւռք ունենալու:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութիւնը կենսական եղած է Սփիւռքի մէջ, Հայ քաղաքական միտքի զարգացման ու Սփիւռքի քաղաքականապէս կազմակերպման, զայն ծառայեցնելով Հայրենիքի եւ Հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն, իսկ Հայրենի պետականութեան եւ Սփիւռքի Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գործակցութիւնն ու գործելակերպի համադրումը աւելի քան կենսական են, որոնք յաւելեալ արժէք կու տան Սփիւռքի մէջ Հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու տարած աշխատանքին ու մանաւանդ նապատակակէտային գործունէութեան:
Այս ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գլուխը գտնուող իւրայատուկ ու եզակի նախարարուհիին՝ յանձինս Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին տարած աշխատանքը անզուգական է եւ ինչու չէ նաեւ անփոխարինելի: Տիկ. Յակոբեանի ստեղծած անմիջական, անձնական ու ամէնօրեայ կապը իր պտուղը կու տայ՝ աւելի եւս կազմակերպուած ու համակարգուած Հայրենիք-Սփիւռք կապի, ըլլայ ան մշակութային, ընկերային եւ նոյնիսկ քաղաքական ոլորտներու մէջ:
Բազմաթիւ են օրինակները, զորս այսօր չենք ուզեր բարձրաձայնել. պատմութիւնը կու տայ անոնց գնահատականը։
Մենք կը հաւատանք, որ հակառակ սփիւռքահայ քաղաքական միտքի պատրաստուածութեան, պետական մակարդակներուն մեզի հետ լռելեան աշխատանքը կը ծառայէ համահայկական շահերու հետապնդման աշխատանքներուն՝ անոնց տալով իմաստ ու նպատակասլացք:
Ապրիլեան ձեռնարկներու լռումին այսօր մենք կը հաւատանք, որ Ցեղասպանութենէն վերածնած պահանջատէր Հայութիւնը, ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի, կատարեալ գործակցութեամբ եւ բծախնդիր համադրումով պէտք է գործէ՝ փոխ-ըմբռնումի եւ զիրար ամբողջացնող յստակօրէն մշակուած համազգային ռազմավարութեամբ: