Ստեփանակերտը ռմբակոծելու վերաբերեալ Ազրպէյճանի յայտարարութիւնը պաշտօնական Ստեփանակերտը ընդունած է եւ անյապաղ պատրաստուած նման զարգացման: Այս մասին Արցախի Հանրային Հեռուստատեսութեան եւ «Մեդիատոն» ընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:
Այն հարցումին, թէ իսկապէս Պաքուն կրնա՞ր իրականացնել Ստեփանակերտը ռմբակոծելու սպառնալիքը, Բ. Սահակեան ըսած է. «Այլեւս կասկածի տակ առնել անոնց նպատակները կը նշանակէ, որ մենք կը շարունակենք մնալ մոլորած վիճակի մէջ: Դպրոցին մէջ սպաննուած մեր 12-ամեայ երախան, վիրաւորուած երախաները, մեր գլխատուած տղաներուն մարմինները, իրենց տան մէջ գնդակահարուած մեր 90-ամեայ ծնողները, միւս վայրագութիւնները կը փաստեն, որ անոնք կու գային գլխատելու մեզ բոլորիս, յօշոտելու մեր նախնիներու գերեզմանները, բռնաբարելու մեր կանանց եւ քոյրերուն: Հետեւաբար այնպէս կը գտնեմ, որ մենք պարտաւոր ենք անոնց գործողութիւններուն համարժէք որակումներ տալ եւ բոլոր յետագայ միջոցառումները իրականացնել` այդ դաժան ճշմարտութենէն ելլելով»:
Նախագահ Բ. Սահակեան ընդգծած է, որ Ստեփանակերտը ընդունած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը եւ անյապաղ պատրաստուած նման զարգացման:
«Իսկ եթէ անոնք հրթիռակոծէին Ստեփանկերտը, որ կը նշանակէ, թէ կը հրթիռակոծեն մեր ամբողջ Հայրենիքը, արձակած եմ յաջորդ հրամանը ուղղուած մեր բանակի հրամանատարին` կրակային դիրքեր դուրս բերել մեր զենիթահրթիռային համակարգերը, համազարկային կրակի ռէաքթիւ համակարգերը, հրթիռային համակարգերը, որոնց մէջ հեռահար նշանակութեան հրթիռային համակարգերը: Այսպիսի զարգացման պարագային մեր պատասխանը կ՛ըլլար համարժէք», ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը: