Ապրիլ 28-ին Սպանիոյ Էլտա եւ Ալաքուաս քաղաքներու խորհուրդներու նիստերը ճանչցան՝ տեղւոյն Արարատ հայկական միութեան միջնորդագիրի հիման վրայ, Ձախ Միութիւն կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած բանաձեւը, որով այս երկու քաղաքները պաշտօնապէս կը ճանչնան 20-րդ դարու առաջին հակահայկական ոճրագործութիւնը` որակելով զայն որպէս Ցեղասպանութիւն: Այս մասին «Հայերն Այսօր»-ին յայտնած են Արարատ հայկական միութենէն:
Նշենք, որ Ապրիլ 27-ին Սպանիոյ Կարկախենա քաղաքի խորհուրդի նիստի ժամանակ, բոլոր 5 կուսակցութիւնները` Քոմփրոմիսը (Compromís), Ժողովրդական կուսակցութիւնը (Partido Popular), Ժենտ դէ Կարկաշենտը, Ռէինիսիեմը եւ Ընկերվարական կուսակցութիւնը, միաձայն ընդունեցին քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցած բանաձեւը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին:
Այսպիսով Սպանիոյ մէջ արդէն 17 քաղաքներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Էլտայի քաղխորհուրդը կազմող 6 կուսակցութիւններէն 5-ը կողմ քուէարկած են բանաձեւին, մէկը` Սիուտատանոսը` դէմ: Այստեղ նիստին ներկայ գտնուած է Էլտայի մէջ Արարատ Միութեան մասնաճիւղի նախագահ Անահիտ Օհանեանը, որ ամբողջ սպանահայութեան անունէն իր շնորհակալական խօսքը ուղղած է քաղաքային խորհուրդին, յորդորելով հարցը տեղափոխել այլ ատեաններ:
Ալակուասի պարագային 6 կուսակցութիւններէն 2-ը` Սիուտատանոսն ու Ժողովրդական կուսակցութիւնը ձեռնպահ քուէարկած են, իսկ միւս 4 կուսակցութիւնները` իշխող Ընկերվարականը, Քոմփրոմիսը, Պոտեմոսն ու բանաձեւի հեղինակ Ձախ Միութիւնը՝ կողմ: Ալակուասի քաղաքային խորհուրդի նիստին ներկայ էին քաղաքի, Մանիսեսի եւ Միսլատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները` միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեանի գլխաւորութեամբ: Վերջինս ալ ամբողջ հայութեան անունէն շնորհակալութիւն յայտնած է խորհրդականներուն, իսկ ձեռնպահ մնացածներուն յայտնելով, որ Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը կը նշանակէ երկրորդ անգամ սպաննել եւ յորդորել այլ ցեղասպանութիւններ:
Ալակուասի պարագային գործընթացին փորձած է միջամտել եւ խափանել Սպանիոյ մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսը, որ հանդիպում մը ունեցած է քաղաքապետին հետ եւ յորդորած յետս կոչել բանաձեւը: Սակայն Ձախ Միութեան խօսնակ Քարոլինա Պինոն հաստատակամ գտնուած է իր որոշման մէջ եւ ներկայացուցած է զայն, որ ճանչցուած է խորհուրդին կողմէ: