Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Շուէտի Հայ Համայնքը Ֆինանսական Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ Արցախին

Շուէտի հայ համայնքը ֆինասնական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Այս մասին նշած է Շուէտի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

«Երբ Աzրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններով պայմանաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը սրեցաւ, մենք այստեղ ժողով ըրինք եւ որոշեցինք Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ բողոքի նամակ ուղարկել Շուէտի կառավարութեան: Պահանջը մէկն էր` քայլեր ձեռնարկել Ազրպէյճանի գործողութիւնները կանխելու համար: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Սքանտինաւիոյ Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայկական Միութիւններու համադրող կեդրոնի հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուեցաւ նաեւ բողոքի երթ, որ շատ յաջող անցաւ: Ատկէ բացի պարզ դարձաւ, որ Արցախի ժողովուրդը մեր օգնութեան կարիքը ունի: Եւ մենք որոշեցինք ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրել Արցախին: Այժմ ֆինանսական միջոցներու հաւաքման գործընթացն է, իւրաքանչիւրը որքան կարենայ իր ներդրումը կ՛ունենայ: Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին գումարը պիտի յատկացուի Արցախին»,ըսած է Արշակ Գաւաֆեան:

Անոր փոխանցմամբ դեռ չեն որոշած, թէ գումարը ինչ նպատակով պիտի ծախսուի: «Կրնայ ըլլալ տուժած ընտանիքներուն կամ վիրաւորուած եւ կամ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութիւն: Թերեւս կարիք ըլլայ բանակի պաշտպանութեան համար սարքաւորումներ գնելու կամ ալ նորոգուին աւերուած տուները: Մէկ բան պարզ է, ֆինանսական աջակցութիւն մեր կողմէ Արցախին պէտք է տրամադրուի», աւելցուցած է Արշակ Գաւաֆեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին