Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի (ՀՀԿ ԳՄ) նիստի ժամանակ, նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացքի վերսկսման համար անհրաժեշտ են երեք կարեւոր քայլեր առնել:
Այս մասին յայտարարած է ՀՀԿ մամլոյ խօսնակ Էտուարտ Շարմազանով ՀՀԿ ԳՄ նիստէն յետոյ, կը գրէ Tert.am-ը:
«Քայլ համար մէկ` վստահութեան հետաքննութեան մեխանիզմներու ներդնում, երկու` հասցէական յայտարարութիւններ եւ երեք` երաշխիքներ, որ Ազրպէյճանը նոր յարձակում եւ ահաբեկչութիւն չկատարէ ԼՂՀ ժողովուրդի նկատմամբ: Այս պահուն բանակցութիւններու վերսկսման մասին խօսիլը կանուխ է, որովհետեւ երբ մարտական գործողութիւններ կը կատարուին, կամ գոնէ անոնք ամբողջովին չեն աւարտած, երբ Ազրպէյճանը կը խախտէ 1994-ի հրադադարի պայմանագիրը, որ ստորագրած է Արցախի ու Հայաստանի հետ, նաեւ կը խախտէ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած բանաւոր պայմանաւորուածութիւնը կրակի դադարեցման մասին»,ըսած է ան:
Նախապէս Սերժ Սարգսեան յայտարարած էր, որ պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրնայ վերսկսիլ որեւէ ատեն ու ընդգծած, որ Հայաստանի համար առանց անվտանգութեան երաշխիքներու խաղաղ բանակցութիւններու վերադառնալը անիմաստ է, քանի որ իրավիճակը էապէս փոխուած է: «Մէկ կողմէ մենք տեղ մը բանակցութիւններ կը վարենք, միւս կողմէ ռազմական գործիչները պատերազմի մէջ պիտի ներքաշուին` փորձելով լուծել հակամարտութիւնը», նշած է Սարգսեան: