«Եւրոտեսիլ-2016»-ին Հայաստանը ներկայացնող երգչուհի Իւեթա Մուկուչեան, հայկական պատուիրակութեան հետ Մայիս 1-ին կը մեկնի Սթոքհոլմ` մասնակցելու Եւրոպայի ամենահեղինակաւոր մրցոյթին: Այս մասին ըստ News.am-ի լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Գոհար Գասպարեան։
«Ճիշդ է, սրտնեղած կ՛երթանք` սահմանին վրայ տեղի ունեցող իրավիճակի հետ կապուած, բայց նաեւ շատ մարտական տրամադրուած ենք: Կը կարծենք, որ այս եւս առիթ մըն է, որպէսզի մեր ազգին հպարտութիւն եւ ուրախութիւն պարգեւենք: Առիթ է, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայութիւնը համախմբուի մէկ գաղափարի շուրջ եւ ամենակարեւորը` 43-է աւելի երկրներու մէջ 200 միլիոն հանդիսատեսներու համար հնչէ Հայաստանի անունը: Մեծ յոյսեր ունինք, որ ան կը հնչէ մի քանի անգամներ եւ բարձր հորիզոնականներու վրայ», ըսած է Գոհար:
Իւեթան կիսելով իր տպաւորութիւնները նշած է․ «Երբեւէ չէի մտածեր, որ այսքան հաւասարակշռուած կ՛ըլլայի վերջին օրերուն: Բացարձակապէս լարուած վիճակի մէջ չեմ, եւ այդ մէկը ամբողջ անձնակազմին եւ արհեստավարժ աշխատանքի, միասնական ըլլալու եւ բնականաբար ժողովրդի վերաբերմունքի արդիւնք է, որու համար շատ շնորհակալ եմ: Բոլոր մարդոց բարեմաղթանքները հագուստի պէս պիտի կրեմ եւ բեմ բարձրանամ»:
Բեմադրութեան հետ կապուած փակագիծերը չբանալով` պատուիրակութեան ղեկավարը խոստացած է տպաւորիչ ելոյթ:
«Գծանկարչական եւ յատուկ ներգործութիւններով յագեցած բեմականացում կը սպասուի: Այնքան հետաքրքրական ձեւով ան ուղիղ եթերի վրայ պիտի ներկայացուի, որ պահ մը ձեզի կը թուի, որ ան տեսահոլովակ է», նշած է Գոհար:
Անոր խօսքով Իւեթան այն անձերէն մէկն է, որ գիտէ մրցոյթին մասնակցիլ: Ան իր ասպարէզը սկսած է մրցոյթներով եւ այս առումով իրենք հանգիստ են:
Նշենք, որ Ապրիլի սկիզբը Իւեթան ջնջած էր Ամսթերտամի համերգը` Արցախի մէջ տիրող իրավիճակէն ելլելով. «Մենք չեղեալ յայտարարեցինք Ամսթերտամի ելոյթը եւ Մոսկուայի բոլոր երեկոյթները: Եւ այդ մէկը մեր բողոքն էր, որպէսզի միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւենք՝ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակի վրայ: Ճիշդ անոր համար ես իմ երգիս սկիզբի խօսքերը փոխեցի աղօթքով` նուիրելով սահմանապահ հայ զինուորներուն», ըսած է Իւեթան:
Իսկ Գոհարը աւելցուցած է` նշելով, թէ որքան ալ, որ Եւրոտեսիլի մրցոյթը կը պահանջէ չքաղաքականացնել մրցոյթը, բնականաբար կան երգեր, որոնք ունին որեւէ ենթահող, եւ իրենք իրենց հետ պիտի տանին Արցախի դրօշը (ըստ Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան տարածած յայտարարութեան` Արցախի դրօշը արգիլուածներու ցանկին մէջ է):
«Ի հարկէ «Եւրոտեսիլ»-ը ունի իր ուրոյն կանոները եւ անոր համար է, որ 60 տարիէ շարունակ ան կը գոյատեւէ: Եթէ դուն կը մասնակցիս մրցոյթին, պարտաւոր ես յարգել այդ օրէնքները եւ խաղալ այդ կանոններով: Կան շարք մը արգիլուած դրօշներ եւ պատկերացուցէք, թէ ինչ կ՛ըլլայ, եթէ այդ բոլոր դրօշները յայտնուին դահլիճին մէջ կամ բողոքի փորձեր ըլլան: Անոնց կարծիքով եթէ այդ դրօշները յայտնուին դահլիճին մէջ, կրնան յարձակումներ յառաջացնել, տարակարծութիւններ հրահրեն, իսկ իրենց այդ մէկը պէտք չէ», ըսած է Գոհար Գասպարեան:
Նշենք, որ շուտով պիտի թողարկուի Love Wave երգի cover եւ remix տարբերակները:
«Ան աւելի ազատ ոճի մէջ է: Համագործակցած ենք «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբի հետ: Բաւական տարբեր մօտեցում է` էթնիկ ճազային` համեմուած ժողովրդական գործիքներով», նշած է Իւեթան:
Յիշեցնենք, որ Եւրոտեսիլ երգի մրցոյթը այս տարի պիտի մեկնարկէ Մայիս 12-ին: Մեր պատուիրակը ելոյթ պիտի ունենայ առաջին կիսաեզրափակիչ փուլի եօթերորդ թիւի ներքոյ: