Քիմ Քարտաշեան անգամ մը եւս անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան` այս անգամ իր կայքին մէջ յօդուած հրապարակելով եւ իր բողոքը յայտնելով Wall Street Journal-ի մէջ հրապարակուած հակահայկական ու Ցեղասպանութիւնը ժխտող յօդուածին դէմ:
«Իմ ընտանիքիս անուան շուրջ շատ անգամներ կեղծ լուրեր տարածուած են: Մենք վարժ ենք անցնելու ատոնց վրայէն: Սուտերը յաճախ գլխատառերով կը հրապարակուին` յայտնուելով ամսագիրերու կողքերուն վրայ: Սակայն երբ ամբողջական էջով մը կեղծ գովազդ կը հրապարակուի Wall Street Journal-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ, ես չեմ կրնար անտարբեր անցնիլ:
«Այդ գովազդը կը վճարուի թրքական հարթակին կողմէ, որոնք կը հերքեն պատմաբաններու բերած տուեալները, թէ որքան մարդ սպաննուած է Ցեղասպանութեան ժամանակ:
Wall Street Journal-ի համար նման յօդուած հրապարակելը խենթութիւն է, հիասթափեցնող եւ վտանգաւոր արարք: Մենք պէտք է պատուենք ճշմարտութիւնը մեր պատմութեան մէջ յանուն ապագայի պաշտպանութեան», «Արցախփրես»-ի փոխացմամբ իր կայքին մէջ գրած է Քիմը: