Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Արցախի Զօրակցութեան Մամլոյ Ասուլիս Կիպրոսի Մէջ

Հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի միաւորներու նախաձեռնութեամբ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27-ին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական մամլոյ ասուլիս մը՝ ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու համար Արցախի հայութեան գոյավիճակին սպառնացող ոճրային նորագոյն արարքները եւ անոնց ազերի հեղինակներուն բռնատիրական ակնյայտ միտումները։

Մայրաքաղաք Նիկոսիոյ Թղթակիցներու Տան յատուկ սրահին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, հայկական միջ-կուսակցական Համադրող Մարմինի ներկայացուցիչները, ներածական ելոյթով եւ տրուած հարցումներուն պատասխանելով, յստակօրէն ներկայացուցին նախայարձակ Ազրպէյճանի կոպիտ խախտումը զինադադարի համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ գործադրած վայրագագոյն սպանութիւնները հանդէպ անզէն հայ ազգաբնակչութեան, ներառեալ երախաներու եւ տարեցներու։ Բացատրուեցաւ նաեւ, թէ սահմռկեցուցիչ այս եղելութինները անգամ մը եւս կու գան ապացուցելու, թէ Արցախի հայութեան կեանքի ի՛սկ ապահովութիւնը երբեք չի կրնար երաշխաւորուիլ, եթէ ենթակայ ըլլայ Ազրպէյճանի տնօրինումներուն։

Ասուլիսին ներկայ գտնուող տպատառ թէ ձայնասփռուող եւ պատկերասփռուող մամլոյ աշխատակիցներուն յատկացուեցան նաեւ՝ բռնարաքներուն մանրամասնութիւնները բացայայտող նիւթեր եւ լուսանակարներ շեշտելով, թէ Սփիւռքի հայութիւնը միշտ պիտի զօրակցի Արցախի հերոսական ժողովուրդի պայքարին՝ ի խնդիր խաղաղ ապրելու եւ ինքնորշման արդարագոյն իր իրաւունքներուն մնայուն ձեռքբերումին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին