Շաբաթ, 09. 11. 2024

spot_img

«Աստուածաշունչը Տարբեր Մշակոյթներու Միջեւ Համակեցութիւն Քաջալերող Գիրք է». Հրայր Ճէպէճեան

Աւելի քան երեք հարիւր եւ ութսուն հրատարակչատուներ քսան տարբեր երկիրներէ ժամանած՝ մաս կազմեցին Պահրէյնի Թագաւորութեան 17րդ Միջազգային Գիրքի Ցուցահանդէսին, որ կայացաւ 24 Մարտէն 3 Ապրիլ 2016, Պահրէյնի Ազգային Թանգարանի մեծ ցուցահանդէսի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ երկիրի Մշակոյթի նախարարութեան։

Աստուածաշունչի Ընկերակցութիւնը՝ պաշտօնական հրաւէրովը Պահրէյնի Մշակոյթի նախարարութան, մաս կազմեց այս միջազգային ցուցահանդէսին։ Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէր այս ցուցահանդէսին՝ ըլլալով միակ քրիստոնէական կազմակերպութիւնը։ Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը ցուցադրութեան դրած էր՝ Աստուածաշունչի տարբեր լեզուներով աւելի քան երկու հարիւր հրատարակութիւններ, նաեւ փոքր ցուցահանդէս մը՝ ներկայացնելով Աստուածաշունչը պատմութեան առանցքին, վեր առնելով Անոր մշակութային յատկութիւնները եւ տարբեր թարգմանութիւնները։

Աստուածաշունչի ընկերակցութեան մասնակցութիւնը սոյն ցուցահանդէսին ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն։ Տեղական մամուլը անդրադարձաւ այս իրողութեան։ Մեծ էր թիւը այցելուներուն, որոնց հետաքրքրութիւնը եւ հարցումները կը կեդրոնանային՝ աւելի տեղեկութիւններ ստանալու Աստուածաշունչի բովանդակութեան ու անոր աստուածաբանական տուեալներու մասին։ Հետաքրքական էր տեղացի չափահաս տիկնոջ մը ակնարկութիւնը, որ նայեցաւ Աստուածաշունչի հրատարակութիւններուն եւ անոնց կողքը գտնուող այլ հրատարակչատան մը տաղաւարին մէջ ցուցադրութեան դրուած Քուրանի հրատարակութիւններուն ու ըսաւ. «Այս մեծ վկայութիւն մըն է Պահրէյնի եւ բոլոր այցելուներուն համար, որոնք կրնան տեսնել, թէ կարելի է միասին ապրիլ»։

Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան, Ընդհանուր Քարտուղարը Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան, ունեցաւ յատուկ հարցազրոյց մը Պահրէյնի հեռատեսիլէն։ Ան խօսեցաւ Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան ու նաեւ Աստուածաշունչ Մատեանի մասին։ «Աստուածաշունչը միայն Քրիստոնէական կրօնքին գիրքը չէ։ Ան նաեւ մշակութային գիրք է, որ համակեցութիւն կը քաջալերէ տարբեր կրօնքներու եւ ժողովուրդներու միջեւ», ըսաւ ան։

Դոկտ. Ճէպէճեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պահրէյնի պետութեան, որ կը քաջալերէ միջ-կրօնական գոյակեցութիւնը եւ հասկացողութիւնը։ «Պահրէյնի թագաւորութիւնը այն երկիրն է, ուր տարբեր ժողովուրդներ, մշակոյթներ եւ կրօններ միասին կ՛ապրին համերաշխօրէն։ Եւ ներկայ օրերուն մենք պէտք ունինք այս տեսակի օրինակելի համակեցութիւններու», ըսաւ ան։

Թղթակից  

 ngar 2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին