Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Աշխարհը Պէտք Ունի Յեղափոխականներու

*ՍԵԱՒԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ գիշեր վերի այս նկարին հանդիպեցայ «Ֆեյսպուք»ի վրայ: Որքան պարզ այնքան խորունկ…:

Նման խաւարեալ մշակոյթի մը մէջ երեսի քողը անվախօրէն մէկդի դրած այս քաջ աղջիկը՝ յոյս կը ներշնչէ բոլոր ազատ մարդոց… կը քաջալերէ ուրիշներուն ներքին մղումով գործելու եւ ոչ անպայման սահմանուած օրէնքներով, որոնք ոչ յաճախ արդար են ու չեն արտացոլացներ անոնց լուծին տակ ապրող ժողովուրդներուն իղձերն ու երազները…։

Սահմանուած տուփէն դուրս մտածելը մարդկային հաւաքականութեան մը մէջ յատուկ է քաջ մարդոց, որոնց պայքարով է, որ ժողովուրդները կ՛ազատագրուին, երկիրներ կ՛անկախանան ու մարդկային պատմութիւնը դէպի յառաջ կը շարժի…:

Յարգանք այս անծանօթ քաջ աղջկան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին