Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Հակառակորդը Սկսած է Արկակոծել Մարտակերտի Ուղղութեամբ Տեղակայուած ՊԲ Դիրքերը

Երէկ Օրուան ընթացքին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հաստատուած յարաբերական անդորրը՝ ժամը 17:40-ի մօտ խախտուած է հակառակորդին կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակի (ՊՆ) մամուլի ծառայութիւնը:

Ազրպէյճանական զինուժը 82 միլիմեթրնոց ականանետերէ սկսած է արկակոծել՝ Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) մարտական դիրքերը (14 արկ):

Սահմանագիծի հիւսիսարելեան ուղղութեամբ նկատուած է նաեւ հակառակորդի ռազմական սարքերու շարժ:

ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները ուշադիր կը հետեւին առաջնագիծի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ իրենց պատժիչ գործողութիւններով կը ճնշեն հակառակորդին աշխուժութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին