Թէեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան ժամանակացոյցը պաշտօնապէս դեռ չէ հրապարակուած, սակայն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանը մանրամասնութիւններ հաղորդած է սրբազան քահանայապետին այցի մասին:
Տրամադրած տեղեկութիւններուն համաձայն` կը նախատեսուի, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Յունիս 25-ին սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանէ Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ:
Տակաւին ոչ վերջնական տուեալներով, Սրբազան Քահանայապետը Երեւանէն Գիւմրի պիտի հասնի առաւօտեան ժամը 11:00-էն առաջ, իր պապական մեքենայով` պապամոպիլով, Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մօտէն պիտի ուղեւորուի դէպի Վարդանանց հրապարակ, ուր իր մեքենայով շրջելով պիտի ողջունէ եւ օրհնէ հաւաքուած հազարաւոր բազմութիւնը: Մուտքը հրապարակ հաւանաբար պիտի ըլլայ հրաւիրատոմսերով: Վարդանանց հրապարակին վրայ ճիշդ ժամը 11:00-ին, յատուկ պատրաստուած բեմի վրայ, Սրբազան Պապը պիտի մատուցանէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ` համապատարագութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու: Պատարագը պիտի մատուցանէ լատինական ծէսով, բայց` հայկական շարականներով, որոնք պիտի կատարեն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երգչախումբերը:
Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Սբ Եօթվէրք հայ առաքելական եկեղեցի, պիտի աղօթէ Տիրամօր պատկերին առաջ: Նորին Սրբութեան Գիւմրի այցելութեան վերջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ուր ժողովրդապետին եւ հայ կաթողիկէ կղերին հետ միասին աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած, ապա հրաժեշտ պիտի տայ Գիւմրիին:
Պապի Հայաստան կատարելիք այցի առիթով այդ օրերուն Հայաստան ուխտագնացութեան պիտի գայ նաեւ Լիբանանի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու խումբ մը` նախաձեռնութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին: Ուխտագնացներու թիւը առայժմ կը ճշդուի:
Քահանայապետին Գիւմրի այցելելու վճռական ցանկութեան գլխաւոր պատճառը. ի հարկէ հայ կաթողիկէ համայնքի մեծաթիւ ներկայութիւնն է Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որոնց կեդրոնը Գիւմրին է: Այստեղ կը գտնուի նաեւ նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցին, որ մայր տաճարն է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց: Այս տաճարի օծման հանդիսաւոր արարողութեան, որ նախագահեց քարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, ներկայ էր նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Պապի այցը Գիւմրիի հայրական սիրոյ արտայայտութիւն է ոչ միայն իր կաթողիկէ հօտին, այլեւ բոլոր գիւմրեցիներուն հանդէպ», նշուած է մամլոյ ծառայութեան ու պաշտօնական կայքի պատասխանատու Տ. Յովսէփ քհն. Գալստեանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հրաւէրով Յունիս 24-26 Հայաստան պիտի այցելէ Հռոմի Պապ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսը: