Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է զսպուածութիւն դրսեւորել, առաջնահերթ խնդիրը յարձակման հերթական բռնկում թոյլ չտալն է: Վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ն «Արցախփրես»ը կը հաղորդէ, թէ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (ԱԳՆ) պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Այն ինչ, որ հիմա տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, մեր թեզի հաստատումն է, որ մենք բարձրաձայնած ենք նախորդ ճեպազրոյցներու ժամանակ` այժմ, ինչպէս երբեք, անհրաժեշտ է զսպուածութիւն դրսեւորել եւ գործը տանիլ դէպի կայունութեան վերականգնում», յայտարարած է Զախարովան ճեպազրոյցի ընթացքին:
Անոր խօսքով ՌԴ ԱԳՆ-ն համոզուած է, որ կողմերը «պէտք է վերսկսին բանակցային գործընթացը», որ պիտի ուղղուի կայուն խաղաղ կարգաւորման ձեռքբերման:
«Սկզբունքօրէն կարեւոր կը համարենք աշխուժացնել՝ առկայ համաձայնութիւններու հիման վրայ ռազմական վտանգի նուազեցման ուղղութեամբ աշխատանքը», աւելցուցած է ան:
«Այժմ առաջնահերթ խնդիրը ի հարկէ իրավիճակը հանգստացնելն է, նոր յարձակում, նոր արիւնահեղութիւն թոյլ չտալը եւ ի հարկէ մթնոլորտի վերականգնումը, որ պիտի նպաստէ ե՛ւ իրավիճակի հանդարտեցման, ե՛ւ բանակցային գործընթացի վերսկսման: Անոնք սկզբունքօրէն կարեւոր բաներ են», ընդգծած է Զախարովան: