Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը Սփիւռքի, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ վերահաստատեց պահանջատիրութեան պայքարը շարունակելու իր յանձնառութիւնը:
Լիբանանի մէջ Կիրակի, 24 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն ՀԵԸ-ի փողերախումբին գլխաւորութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ-ի աւելի քան երեք հարիւր յիսուն սկաուտներ, արենուշներ, քառավելներ, երէցներ եւ խմբապետական կազմի անդամներ, ՀԵԸ-ի Կրտսերաց, Համլասարանական, Երիտասարդական Համախմբումի, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի զանազան մասանաճիւղերու անդամ-անդամուհիներ, միութենականներ եւ համակիրներ մասնակցեցան դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւին:
Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակին առիթով մայրավանքին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ Փանոսեանի նախագահութեամբ: Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի նախագահ Ժերար Թիւֆենկճեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, պետական նախարարներ, որոնց մէջ ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան նախարար Արթուր Նազարեան, խորհրդարանի անդամներ Շանթ Չինչինեան, Ժան Օղասապեան, Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ քաղաքական, մարզական, մշակութային, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ: Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Նահատակաց Մատուռին առջեւ փոխանցեց օրուան պատգամը:
Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: ՀԵԸ-ի փողերախումբին «Տէր Ողորմիա»ի կատարումին տակ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ասպետներու Վարչութեան եւ ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց Համախմբումի, մարզական եւ մշակութային այլ միութիւններու անունով, հերթաբար ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Նահատակաց Մատուռին առջեւ: Նահատակներու յիշատակին Հոգեհանգստեան պաշտօնը աւարտեցաւ ՀԵԸ-ի փողերախումբին «Կիլիկիա» մաղթերգին մեկնաբանութեամբ, որ արժանացաւ ներկաներուն ջերմ գնահատանքին:
Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնը աւարտելէ ետք, ՀԵԸ-ի փողերախումբբը, սկաուտները, արենուշները, քառավելները եւ երէցները օթոպիւսներով բարձրացան Էշրեֆիյէի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանը: Մեր Սկաուտական Շարժումի անդամները, փողերախումբին գլխաւորութեամբ տողանցեցին Էշրեֆիյէի գլխաւոր ճանապարհէն եւ մուտք գործեցին Կաթողիկէ պատրիարքարանին շրջափակը: Փողերախումբին կատարողութեաբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկընդրութենէն ետք, Գերապայծառ Տէր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան բարի գալուստ մաղթեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, փողերախումբին եւ սկաուտական ներկայացուցչական ընտանիքի անդամներուն ու շեշտեց պահանջատիրական պայքարը միասնաբար հետապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, թէ ժամանակը եւ պայմանները մեզ չեն կրնար հեռացնել նահատակներուն պատգամէն: Ան հարց տուաւ՝ ինչպէ՞ս մոռնալ մեր կորուստները, երբ յանցագործը կը մնայ անպատիժ: Վիգէն Չերչեան ընդգծեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ պայման է կանխելու նմանօրինակ յանցագործութիւններ: Վիգէն Չերչեան շեշտեց, թէ յանցագործութիւնը չունի վաղեմութիւն եւ ՀԲԸՄ-ի ծոցէն ծնած Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութիւնը, իր բոլոր անդամներով տէր կը մնայ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան. «Ժամանակը եւ պայմանները մեզ չեն կրնար հեռացնել մեր նահատակներէն: Այո պիտի չհեռացնեն այնքան ժամանակ, որ իր լուծումին կը սպասէ մեր պահանջատիրական պայքարը:
Հարիւր եւ մէկ տարիներ մեզ կը բաժնեն այն զարհուրելի ժամանակներէն, որ իր օրին Մ. Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա նկարագրեցին իբրեւ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւն: Աւելի ուշ Ռաֆայէլ Լեմքին, հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած յանցագործութիւնները վկայակոչեց իբրեւ Ցեղասպանութեան նախատիպ:
Այս բոլորէն ետք ըսէք խնդրեմ, ինչպէ՞ս մոռնալ մեր նահատակները, մեր մշակութային, պատմական, տնտեսական, կրթական, հոգեւոր եւ մնացեալ կորուստները: Ըսէք խնդրեմ, ինչպէ՞ս մոռնալ մեր հողերը, մեր պատմութիւնը…: Ոչ երբեք, ոչինչ պիտի մոռցուի, ոչ ոք կը մոռցուի, մանաւանդ երբ յանցագործը կը մնայ անպատիժ եւ ամէն գնով կը ժխտէ պատմական ճշմարտութիւնը:
Այս առիթով կոչ կ’ուղղենք համայն մարդկութեան՝ դատապարտելու եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ պայման է կանխելու նմանօրինակ յանցագործութիւններ:
Այսօր, այս հոգեհարազատ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, այս պատմական յուշարձանին առջեւ, անգամ մը եւս կը խոնարհինք մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ կը վերանորոգենք անոնց կտակին հաւատարիմ մնալու մեր ուխտը:
ՀԲԸՄ-ի ծոցէն ծնած Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը իր բոլոր անդամներով եւ միաւորներով, անգամ մը եւս կու գայ ըսելու ցեղասպանին՝ յանցագործութիւնը չունի վաղեմութեան ժամկէտ: Մենք ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր եւ վաղը, կը մնանք հայ ժողովուրդի անխախտ իրաւունքներուն լիարժէք պաշտպան: Մենք անգամ մը եւս կու գանք ըսելու ցեղասպանին, հայ ժողովուրդը՝ Հայաստան, Սփիւռք եւ Արցախ, տէր կը մնայ իր արդար իրաւունքներուն եւ պիտի շարունակէ պայքարը, մինչեւ մեր ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերումը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, կը խոնարհինք մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ կ’ուխտենք միասնական քայլերով շարունակել պատմական ճշմարտութիւնը վերականգնելու մեր գոյերթը», իր խօսքը եզրափակեց Վիգէն Չերչեան:
Ապա յանուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ պատրիարքարանի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ: Այս միջոցին ՀԵԸ-ի փողերախումբը վարպետօրէն մեկնաբանեց նահատակներու յիշատակը անմահացնող «Տէր Ողորմիա»ն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ